Երէկ` երկուշաբթի, 27 փետրուարին, լիբանանեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Ճափոնէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Սափորօ-2017-ի ասիական ձմեռնային 8-րդ խաղերուն:
Աղջկանց դահուկարշաւի մրցումներուն, լիբանանցի մարզիկներէն Քարլա Իսքանտար 30 մասնակցողներու մէջ գրաւեց 15-րդ դիրքը, Սոֆիա Մարի Ֆայեատ` 17-րդ դիրքը, Սիրիլ Քէյրուզ` 12-րդ, իսկ Ռաուլ Ասմար` 14-րդ: