
Շաբաթ, 4 մարտին, «Պիել»-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեճիք Ֆութսալի աննախընթաց մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն անցեալի անուանի ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` պրազիլցի Ֆալքաօ, կալեսցի Ռայըն Կիկզ, իտալացի Փաուլօ Մալտինի, իրանցի Վահիտ Շամսայ եւ ուրիշներ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 17:30-ին` հովանաւորութեամբ Պէյրութի դրամատան, հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրքի:
Այս առիթով Պասսամ Թըրք յայտնեց, որ ֆութպոլի եւ ֆութսալի բոլոր սիրահարները պէտք չէ փախցնեն այս եզակի առիթը` անձամբ տեսնելու անցեալի ֆութպոլիստները: