Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պաչքով նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին հանդիսացաւ տիտղոսակիր, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
64 քկ դասակարգին մէջ, յաղթելէ ետք պուլկարացի Այրին Իսմեթովի, Պաչքով տիրացաւ ոսկի մետալին:
Հայաստանի հաւաքականին 9 մասնակցողներուն մէջէն միայն Պաչքով մետալի տիրացաւ: