
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ երկարաձգումէն ետք 124-121 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Շարլոթ Հոռնեթցին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 43 կէտ, մինչ Քեմպա Ուոքըր (Հոռնեթց)` 34 կէտ:
Նիւ Օրլինզի դէմ Օքլահոմա Սիթիի արձանագրած յաղթանակին (118-110) մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ նշանակեց 41 կէտ, մինչ Օրլինզի մաս կազմող Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 38 կէտ: Այսպիսով, Ուեսթպրուք իրագործեց իր 29-րդ թրիփըլ տապըլը:
Երէկուան մրցումներուն իրենց ակումբներուն հետ 33-ական կէտ նշանակեցին Տեմար Տերոզան (Թորոնթօ Ռեփթըրզ) եւ Իսայահ Թոմաս (Պոսթըն Սելթիքս):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 119-98 |
Միլուոքի Պաքս – Ֆէոնիքս Սանզ | 100-96 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց | 105-98 |
Եութա Ճեզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 102-92 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 112-106 |
Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 104-98 |
Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Օրլինզ | 118-110 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շարլոթ Հորնեթց | 124-121 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Նիւ Եորք Նիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Միլուոքի Պաքս
Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս
Տալաս Մավըրիքս – Մայեմի Հիթ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մինեսոթա Վուլվզ