«Լա լիկա»-ին մէջ գոյատեւելու համար պայքար մղող կազմերէն Տեփորթիւօ Քորունա, Ռէալ Պեթիսի եւ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի նախկին մարզիչ Փեփէ Մելը նշանակեց ակումբի նոր մարզիչ` մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Վտանգաւոր` 17-րդ դիրքին վրայ գտնուող Տեփորթիւօ ցարդ 2017-ին յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել:
Խումբը պաշտօնանկ ըրաւ Կայցքա Կարիթանոն, նախորդ շաբաթավերջին 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելէ ետք Լեկանեսէն, որ իր կարգին կը պայքարի գոյատեւելու Ա. դասակարգին մէջ:
Տեփորթիւօ 2000-ին տիրացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ 2004-ին հասաւ «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականին: