Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ նախանցեալ օր նշանակեց իր կազմին կոլերէն մէկը, յաջողեցաւ «Լա լիկա»-ի մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել:
Ռոնալտօ, որ այսպիսով նշանակեց իր 57-րդ փենալթին, մէկ փենալթիով գերազանցեց նոյնինքն իր ակումբին մաս կազմած նախկին յառաջապահ Հիւկօ Սանչեսը:
Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Ռոնալտ Քէօման (46):
Իսկ Պարսելոնային մաս կազմող Լիոնել Մեսսի ցարդ նշանակած է 43 փենալթի: