Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան, լիբանանեան «Այ. Էս. Քէյ. Էֆ.» ընկերութիւնը կը կազմակերպէ քարաթէի տարեկան իր 18-րդ մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ ակումբին մէջ (Տիք Մըհտի), կիրակի, 5 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանեան տարբեր տեսակի ակումբներէ երկսեռ մարզիկներ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ մարզիկներու արձանագրութեան համար կարելի է կապ հաստատել հեռաձայնելով 09-641241 թիւին: