Իտալացի ֆութպոլի մասնագէտ Քլաուտիօ Ռանիերի, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ Անգլիոյ գործող ախոյեան Լայսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն, կ՛ուզէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Անգլիոյ մէջ:
«Սքայ Սփորթց» կը յայտնէ, որ Լայսթըրէն հեռանալէ ետք ան արդէն իսկ առաջարկներ ստացած է իտալական եւ չինական ակումբներէ, բայց հետաքրքրուած չէ անոնցմով:
65 տարեկան Ռանիերի Լայսթըրի ֆութպոլի պատմութեան մէջ նախորդ տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով տիտղոսը ապահովելէ բացի, ՖԻՖԱ-ի կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ 2016 տարուան լաւագոյն մարզիչը: