Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Համպուրկի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (8-0), Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր «Պունտըսլիկա»-ի նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Այսպիսով, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 30 տարեկան բերդապահը իր կատարած ընդամէնը 183 մրցումներուն ընթացքին, 100-րդ մրցումն ըլլալով իր բերդին մէջ կոլ չստացաւ:
Իրենց բերդին մէջ առանց կոլ ստանալու 100 մրցում ունեցած են նաեւ Օլիվըր Քան եւ Սեփ Մայըր, սակայն աւելի շատ մրցումներ կատարելէ ետք: