Գաղութային

«Աղբալեան» Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ`  Ամանորի Հաւաք «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

«Աղբալեան» Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ` Ամանորի Հաւաք «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

Հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, նախագահութեամբ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան -Գէորգեանին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, կիրակի, 25 դեկտեմբերի երեկոյեան կազմակերպուած ամանորեայ հաւաքին տիրեց Կաղանդի խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտ, երբ աւելի քան 650 փոքրիկներ եւ պատանիներ իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցան դաշտին մէջ կազմակերպուած տօնակատարութեան: Յայտնենք, որ 6-րդ տարին ըլլալով անընդմէջ կը կազմակերպուի այս հաւաքը...

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճէն Խումբ Մը Աշակերտներ Այցելեցին «Զուարթնոց» Կեդրոն

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճէն Խումբ Մը Աշակերտներ Այցելեցին «Զուարթնոց» Կեդրոն

27 դեկտեմբերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն խումբ մը աշակերտներ, ընկերակցութեամբ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի, այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն: Անոնք շրջագայեցան դպրոցի բոլոր դասարանները, այցելեցին աշխատանոցը, արհեստանոցը, ծանօթացան կեդրոնի աշխատանքներուն,  բաժանմունքներուն եւ իւրաքանչիւր աշակերտի ունեցած ձեռքին: Անոնք մօտէն ծանօթացան մանուկներուն կարողութիւններուն` գիտակցելով, որ «Զուարթնոց» կեդրոնը օգնած է անոնց, որ արտայայտուին իրենց աշխատանքներով, որովհետեւ դժուարութիւն ունին խօսքով արտայայտուելու: Այս առիթով «Զուարթնոց»...

Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Հաւատացեալներ Ստացան Սուրբին Մասունքին Օրհնութիւնը

Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Հաւատացեալներ Ստացան Սուրբին Մասունքին Օրհնութիւնը

Կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2022-ին քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին ու նախավկային` Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նշուեցաւ կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանը: Ս. սեղանին սպասարկութիւնը կատարեց դպրեվանքի սարկաւագաց դասը: Սրբազան հայրը օրուան իր քարոզին մէջ վեր առնելով Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տիպարը,...

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօն

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի սարկաւագներուն, կիրակի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Աւետարանին մէջ բնաւ չէ յիշատակուած, թէ Ս. Ստեփանոս ի՛նչ եռանդով կատարեց սեղանին սպասաւորութիւնը, սակայն յիշատակուած է, որ ան առաքեալներու կողքին...

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աւանդական Տօնավաճառ

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աւանդական Տօնավաճառ

«Զուարթնոց» կեդրոնի աւանդական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին` առաւօտեան ժամը 11:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ  պատուելի Սեպուհ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Լիբանանի Հայ համայնքի Ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետը եւ անդամներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ,...

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը  ՄԱԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Արցախի  Հայութեան Նոր Սերունդին Իրաւունքներն Ու Ապագան

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը ՄԱԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Արցախի Հայութեան Նոր Սերունդին Իրաւունքներն Ու Ապագան

Մէկ շաբաթէ ի վեր շարունակուող լիբանանահայութեան` Արցախի նկատմամբ զօրակցութեան միասնական քայլերուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2022-ի կէսօրին, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ Արցախի զօրակցական աշակերտական ցոյց կատարեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ: Զօրակցական ցոյցի ընթացքին կարդացուեցաւ ՄԱԿ-ին ուղղուած յուշագիր, ուր միջազգային կառոյցին կոչ կ՛ուղղուի ջանքեր գործադրել վերաբանալու Լաչինի միջանցքը եւ պաշտպանելու արցախցի մանուկներու իրաւունքները, սնունդը, ապագան եւ կեանքերը: Աշակերտները...

Ամանորի Խրախճանք` ՔԱՀԼ-ի Տարեցներուն

Ամանորի Խրախճանք` ՔԱՀԼ-ի Տարեցներուն

Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան մամիկներն ու պապիկները վայելեցին Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի կազմակերպած Ամանորի եւ Ս. Ծունդի առիթով խրախճանք հաւաքոյթը: Հաստատութեան տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան բացումը կատարեց աղօթքով, շնորհակալութիւն յայտնելով առ Աստուած` Անոր տուած բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք սատարեցին այդ ձեռնարկի յաջողութեան: Տնօրէնը յատկապէս գնահատեց...

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Տօնական  Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Հոգեւոր Տիրոջ

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Տօնական Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Հոգեւոր Տիրոջ

Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը դիմաւորեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եկաւ տօնական շնորհաւորական այցելութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, մամլոյ դիւանի պատասխանատու հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, պատրիարքարանի հիւրընկալ անդամ հայր Արամ վրդ. Աբրահամեան եւ պատրիարքարանի մամլոյ...

«Գարակէօզեան»-ի Կողմէ Յուշանուէր` «Ազդակ»-ին

«Գարակէօզեան»-ի Կողմէ Յուշանուէր` «Ազդակ»-ին

«Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ընկերակցութեամբ Ընկերային բարգաւաճման ծրագիրի եւ տեղեկատուական բաժինի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանին, այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ  տնօրէնութեան հետ: Զեկուցելէ ետք բարեսիրական կազմակերպութեան տարած աշխատանքներուն մասին, անոնք տնօրէնութեան հետ խորհրդակցեցան հաստատութեան արխիւներու թուայնացման համար «Ազդակ»-ի հետ հնարաւոր գործակցութեան մասին: Սերոբ Օհանեան` առ ի գնահատանք բարեսիրական գործունէութեան մասին «Ազդակ»-ի կատարած արագ արձագանգումներուն եւ լուսաբանումներուն, «Ազդակ»-ի տնօրէնին յանձնեց...

Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն  Նախաձեռնութեամբ`  Ահազանգելով Արցախի Շրջափակման Դէմ` Լիբանանահայ Գաղութը Վերահաստատեց  Իր Զօրակցութիւնը Արցախի Ժողովուրդին

Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Նախաձեռնութեամբ` Ահազանգելով Արցախի Շրջափակման Դէմ` Լիբանանահայ Գաղութը Վերահաստատեց Իր Զօրակցութիւնը Արցախի Ժողովուրդին

Ահազանգելով 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր ազրպէյճանական տարրերու կողմէ Արցախը Հայաստանին հետ կապող Լաչինի միջանցքի փակման դէմ` լիբանանահայ գաղութը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին: Արդարեւ, երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակութեան յատուկ հաւաք, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ կուսակցական ու միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հայորդիներու: «Արցախի ժողովուրդին հետ» կարգախօսով զօրակցական այս...

Կազմակերպութեամբ Հայ Քաղաքական  Երեք Կուսակցութիւններուն.  Արցախի Ժողովուրդի  Զօրակցութեան Բազմամարդ Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն. Արցախի Ժողովուրդի Զօրակցութեան Բազմամարդ Հաւաք

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ին, ՀՅԴ-ին եւ ՌԱԿ-ին, երէկ` երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` Արցախի ժողովուրդին հետ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Կալի Աւագեան, որ նաեւ ներկայացուց յայտագիրը: Այնուհետեւ առցանց խօսք առին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական...

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Սրբազան  Մասունքը Դուրս Բերուեցաւ  «Կիլիկիա» Թանգարանէն

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Սրբազան Մասունքը Դուրս Բերուեցաւ «Կիլիկիա» Թանգարանէն

Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի աշակերտներուն, ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2022-ին կաթողիկոսանիստ մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակը մեր եկեղեցւոյ մեծագոյն ու ժողովրդային սուրբերէն` Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնին, ինչպէս նաեւ` Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին: Արդարեւ, հայրապետական տնօրինումով, մեծ սուրբին` Ս. Յակոբի սրբազան մասունքը, որ կը գտնուի կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ եւ մաս կը կազմէ կաթողիկոսութեանս բազմադարեան...

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութիւն

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ` 17 եւ կիրակի` 18 դեկտեմբերին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա` մատաղի պատրաստութիւն, իսկ երեկոյեան կատարուեցաւ ժամերգութիւն: Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:15-ին եկեղեցւոյ կից մայր պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի,...

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը  Կը Շարունակէ Իր Երթը

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Իր Երթը

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, շաբաթ` 17 եւ կիրակի` 19 դեկտեմբերին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ վեցերորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» նախաձեռնութիւնը, այս անգամ` երկօրեայ դրութեամբ: Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս ծրագիրը: Ան նաեւ նկատել տուաւ,...

Գրագէտ Եւ Ազգային Գործիչ Ճորճ Աբէլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Գրագէտ Եւ Ազգային Գործիչ Ճորճ Աբէլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչ, գրագէտ, ազգային գործիչ Գէորգ Աբէլեանին նուիրուած յուշ- երեկոյ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Ճորճ Աբէլեանի աշխատանքի ընդարձակ ծիրը` Հայ աւետարական եկեղեցւոյ եւ վարժարանին մէջ ուսուցիչ, կրթական մշակ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ տարբեր պատասխանատու...

Լեւոն Շառոյեան Այցելեց «Ազդակ»

Լեւոն Շառոյեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան: Տնօրէնութեան հետ անոր ունեցած զրոյցը յագեցած էր Հալէպի իրավիճակին, Սուրիոյ կրթական համակարգին, սփիւռքահայ մամուլին եւ արեւմտահայերէնի զարգացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ նիւթերով: Շառոյեան անդրադարձաւ նաեւ միջինարեւելեան գաղութներու պատմութեան գրառման եւ այդ առաջադրանքի  համար առնուելիք նախաձեռնութիւններու կարեւորութեան: Յայտնենք, որ Լեւոն Շառոյեան Լիբանան կը գտնուի հրաւէրովը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան`...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Խմբապետութեան Եւ Միջմասնաճիւղերու Սկաուտական Խորհուրդներու Դիւաններու Աշխատաժողովներ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Խմբապետութեան Եւ Միջմասնաճիւղերու Սկաուտական Խորհուրդներու Դիւաններու Աշխատաժողովներ

Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային խմբապետութեան յառաջիկայ գործունէութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներու ծրագրումի յատկացուած հանդիպում մը` ներկայութեան Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամներուն: Արծարծուեցան նաեւ մասնաճիւղերը յուզող հարցեր, ինչպէս պէտք է հարթել դժուարութիւնները եւ պատշաճ լուծումներ գտնել, նաեւ մշակուեցաւ յառաջիկայի գործունէութիւններու ծրագիրը : Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2022-ին, հովանաւորութեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Եւ Անոր Անդամներուն Կոչ Ուղղեց` Ազդու Կերպով Արգելակելու Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Ծրագիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 16 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպաններուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, որ քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ 3 դեկտեմբերին բնապահպանական պատրուակով փակեցին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին` նշելով, որ անոնց այդ քայլը հեգնական էր, որովհետեւ անոնք լուռ էին, երբ ազրպէյճանական բանակը 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ իր չհրահրուած յարձակումին ընթացքին արցախեան խաղաղ բնակավայրերուն դէմ...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները  Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Զինուորական  Ոճրագործներու Ոգեկոչումը Լիբանանի Մէջ

Միջկուսակցական Հանդիպում

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան փակելու եւ կազի մատակարարումը դադրեցնելու ազրպէյճանական նորագոյն սադրանքներուն ստեղծած ճգնաժամային կացութեան պատճառով, լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները` ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ, ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը: Ժողովականները անդրադարձան մարդկային իրաւանց ոտնակոխման ազրպէյճանական այս նորագոյն արտայայտութեան, որ աքցանի մէջ դրած է ամբողջ Արցախի ժողովուրդը, զայն զրկած է կեանքի տարրական իրաւունքներէն եւ դարձուցած...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Մտահոգութեամբ ու զարհուրանքով կը հետեւինք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ անցքի եւ կազատար խողովակի փակման լուրերուն: Փաստօրէն, Արցախէն փրկուած փոքրիկ մասնիկն ալ այսօր ենթակայ է վերջնական կորուստի: 44-օրեայ պատերազմէն ետք  ի զուր սպասեցինք, որ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները զսպելով, միջազգային ընտանիքը առաջքը առնէ Արցախի շուրջ օր ըստ օրէ աւելիով սեղմուող մահուան օղակին եւ երաշխաւորէ Արցախի հայութեան ապահովութիւնը: Մեր ժողովուրդին համար մահու...

Page 98 of 365 1 … 97 98 99 … 365

Արխիւներ