Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճէն Խումբ Մը Աշակերտներ Այցելեցին «Զուարթնոց» Կեդրոն

Դեկտեմբեր 30, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 դեկտեմբերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն խումբ մը աշակերտներ, ընկերակցութեամբ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի, այցելեցին «Զուարթնոց» կեդրոն: Անոնք շրջագայեցան դպրոցի բոլոր դասարանները, այցելեցին աշխատանոցը, արհեստանոցը, ծանօթացան կեդրոնի աշխատանքներուն,  բաժանմունքներուն եւ իւրաքանչիւր աշակերտի ունեցած ձեռքին: Անոնք մօտէն ծանօթացան մանուկներուն կարողութիւններուն` գիտակցելով, որ «Զուարթնոց» կեդրոնը օգնած է անոնց, որ արտայայտուին իրենց աշխատանքներով, որովհետեւ դժուարութիւն ունին խօսքով արտայայտուելու:

Այս առիթով «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնուհի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներուն, դիտել տուաւ, որ «Զուարթնոց» կեդրոնի մեծ ընտանիքին համար` աշակերտութիւն, տնօրէնութիւն եւ անձնակազմ, ուրախութիւն է տեսնել, որ իրենց հետ են: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ այս տօնական օրերուն` Ամանորի սեմին մտածած են ուրախացնել նաեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները: «Ինչպէս գիտէք, այս տօնական օրերու սեմին ուրիշին տալը մեր ժամանակէն, մեր գուրգուրանքէն, տալ ուրիշին սէր, հոգատարութիւն` ամենամեծ եւ ամենակարեւոր նուէրն է, եւ այսօր փաստ մըն է, որ դուք ձեր տնօրէնութեան հետ ծրագրած էք տրամադրել ձեր ժամանակը, գալ եւ բաժնեկցիլ ձեր ձիրքերը եւ ձեր կարողութիւնները` ուրախացնելու մեր աշակերտները այս տօնական օրերուն», հաստատեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ մեծապէս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը: Ան աշակերտներուն ըսաւ, որ իրենք առիթը ունեցան շրջագայելու «Զուարթնոց» կեդրոնէն ներս, նաեւ` ծանօթանալու կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներուն, կրթական աշխատանքներուն, ընկերային եւ աշխատանքային հմտութիւններ զարգացնելու ծրագիրներուն, շեշտելով, որ բոլորը անգամ մը եւս պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն կարեւորութիւնը արժեւորելու այն, ինչ որ ունին իբրեւ անհատներ եւ ընտանիքներ, նաեւ փառք տալու Աստուծոյ` իրենց ունեցած բոլոր բարիքներուն համար, մանաւանդ երբ կը տեսնեն իրենցմէ տարբեր, բայց միաժամանակ իրենց նման տարբեր անձեր, որ կը նմանին իրենց շատ մը տեղերու մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը տարբերին իրենցմէ իրենց կարողութիւններով: «Մենք «Զուարթնոց» կեդրոնի մէջ  կ՛ուզենք կեդրոնանալ մեր աշակերտներուն կարողութիւններուն եւ ոչ թէ դժուարութիւններուն վրայ: Մենք կ՛ուզենք ըսել, որ մեր աշակերտները ունին յատուկ կարողութիւններ եւ ոչ թէ` յատուկ դժուարութիւններ», հաստատեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ եզրափակելով իր խօսքը` մաղթեց, որ Նոր տարին ըլլայ խաղաղ, առողջ, բարեբեր եւ յաջող` իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն համար:

Իր կարգին, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնուհի Մարալ Հարպոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած առիթին համար` այցելելու կեդրոն եւ ուրախանալու կեդրոնի աշակերտներուն հետ, նաեւ` ուրախացնելու զիրենք, աւելցնելով, որ իսկական Կաղանդը ուրիշներու օգտակար դառնալ է, ուրիշները ուրախացնել է, տեսնել անոնց աչքերուն մէջ փայլքը ուրախութեան եւ շնորհակալ ըլլալ քու ունեցածիդ համար:

Այնուհետեւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը. Յակոբ Թերզեան` տհոլ, Վանայ Հալլաճեան` շեփոր եւ կիթառ, Ալեքս Լեւոնեան` կիթառ, Լոռի Յովսէփեան եւ Սէրլի Նեմշեհիրլեան` սրինգ: Իւրաքանչիւր աշակերտ մեկնաբանեց երկու երաժշտական կտոր:

Աւարտին միասնաբար շուրջպար մը պարեցին, նաեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները ներկայացուցին պար մը:

Նկատի ունենալով, որ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները շատ սիրեցին նուագուած գործիքները եւ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին իւրաքանչիւր գործիքի նկատմամբ, Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը հրաւիրեց զիրենք կեդրոն` մօտէն ծանօթանալու Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն եւ կեդրոնին:

 

Նախորդը

«Որոշեցին Մնալ Եւ Աշխատիլ Իրենց Նախնիներու Հողին Վրայ»

Յաջորդը

«Աղբալեան» Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ` Ամանորի Հաւաք «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?