Մահ` Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Մեթր Ժաք Չուխատարեանի
Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան 88-ամեայ արդիւնաւէտ կեանք մը ամբողջացնելէ ետք իր մահկանացուն կնքեց նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժաք (Յակոբ) Չուխատարեան: Մեթր Յակոբ Չուխատարեան ծնած է Պէյրութ, 24 մարտ 1934-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Ֆրերներու դպրոցը, Ժըմէյզի: 1954-ին արձանագրուած է Յիսուսեան համալսարանը` մասնագիտանալով իրաւաբանութեան մէջ. շրջանաւարտ եղած է 1958-ին: Երիտասարդ տարիքին ան աշխատած է լիբանանեան...



















