Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան մամիկներն ու պապիկները վայելեցին Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի կազմակերպած Ամանորի եւ Ս. Ծունդի առիթով խրախճանք հաւաքոյթը: Հաստատութեան տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան բացումը կատարեց աղօթքով, շնորհակալութիւն յայտնելով առ Աստուած` Անոր տուած բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք սատարեցին այդ ձեռնարկի յաջողութեան: Տնօրէնը յատկապէս գնահատեց հաստատութեան անձնակազմին դերն ու անոնց անսակարկ հոգատարութիւնը` ի սպաս տարեցներուն:
Սեղաններու շուրջ մամիկներն ու պապիկները միասնաբար ճաշեցին աւանդական ճիտապուրը, պտուղները, անուշեղէնները: Սրահին մէջ կը տիրէր ուրախ տօնական մթնոլորտ, զոր առաւել ճոխացուց գաղութիս սիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեանը, որ իր սիրայօժար ներկայութեամբ ու ճոխ երգերով խանդավառեց ներկաները: Մամիկներն ու պապիկները եւ բոլորը ծափով ու պարերով դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, որ իր գալուստով առաւել ցնծութիւն ու խինդ տարածեց, ի մասնաւորի տարեցներուն համար: Ապա ներկաները, ներառեալ հաստատութեան բոլոր պաշտօնեաները, ստացան նուէրներ եւ կաղանդչէքի ծրարներ` տրամադրուած սոյն ձեռնարկին բարերարներուն կողմէ:
Բոլորին վարձքը կատա՛ր, մաղթելով, որ բոլորս կը շրջանցենք տիրող դժուարութիւնները ու նեղութիւնները եւ Նոր տարին կը դիմաւորենք նոր ակնկալիքներով ու յաջողութիւններով:
ՔԱՀԼ-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ