Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Իր Երթը

Դեկտեմբեր 20, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, շաբաթ` 17 եւ կիրակի` 19 դեկտեմբերին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ վեցերորդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» նախաձեռնութիւնը, այս անգամ` երկօրեայ դրութեամբ:

Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս ծրագիրը: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ այս անգամուան նախաձեռնութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ նուիրուած է Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին եւ զոյգ սրահներուն մէջ կրպակներուն վրայ արդէն իսկ կ՛արտացոլայ այս իրողութիւնը, որովհետեւ հոն ցուցադրուած են Նոր տարուան յատուկ զարդեղէններ, ուտելիքներ, նուէրներ:

«Մեր շուկան» նախաձեռնութեան այս անգամուան նորութիւնն էր հայկական անկիւնը, ուր այցելուները իրենց նախասիրած հայկական տարազը հագուելով, կը նկարուէին` գեղեցիկ յիշատակ մը տանելով իրենց հետ:

Ժողովուրդին կողքին, «Մեր շուկան» այցելեց  Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:

Զոյգ օրերուն կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: «Փաուըրֆուլ քիծ թիմ» խումբը զուարճացուց մանուկները, որոնց ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին` Կաղանդ պապային ժամանումով: Ապա ելոյթ ունեցան երգիչներ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ Իշխան Սարգիսեան, նաեւ Սէրլի Նեմշեհիրլեան` տուտուկով եւ Յակոբ Թերզեան` թմբուկի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ: Իսկ կիրակի օր մեծ պաստառի վրայ ներկաները ուղղակի սփռումով դիտեցին Արժանթին-Ֆրանսա ֆութպոլի աւարտական մրցումը, որ շատ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց:

 

 

Նախորդը

Գրագէտ Եւ Ազգային Գործիչ Ճորճ Աբէլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Յաջորդը

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?