Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային խմբապետութեան յառաջիկայ գործունէութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներու ծրագրումի յատկացուած հանդիպում մը` ներկայութեան Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամներուն: Արծարծուեցան նաեւ մասնաճիւղերը յուզող հարցեր, ինչպէս պէտք է հարթել դժուարութիւնները եւ պատշաճ լուծումներ գտնել, նաեւ մշակուեցաւ յառաջիկայի գործունէութիւններու ծրագիրը :
Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2022-ին, հովանաւորութեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ յետմիջօրէին ժամը 3:00 տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի միջմասնաճիւղային խորհուրդներու դիւաններու միօրեայ աշխատանքային հաւաք մը Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: Սոյն գործունէութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Այնճարի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժիտէյտի մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու դիւանները, մասնաճիւղի խմբապետներն ու միաւորի խմբապետները: Աշխատանքային այս հաւաքին ընթացքին մասնակցողներուն փոխանցուեցան հետեւեալ նիւթերը. Ռիթա Գէորգեան ներկայացուց կազմակերպչական աշխատանքներու ծրագաւորման ձեւերը: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ Վաչէ Նաճարեան խօսեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի գործունէութեան մասնակցելու կարեւորութեան մասին:
Դադարէ մը ետք, սկաուտական խորհուրդներու դիւանները բաժնուեցան տարբեր խմբակներու ու Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամներուն հետ ունեցան հանդիպում մը, ուր իւրաքանչիւր մարզին մէջ աշխատող քոյրերուն եւ եղբայրներուն փոխանցուեցան աշխատելաձեւերու մասին յատուկ ցուցմունքներ, որոնց նպատակն էր մասնաճիւղերուն մէջ դիւանական ու սկաուտական աշխատանքները ընթանան հեզասահ ու որդեգրուի նոյնանման աշխատելաոճ: Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան Սկաուտական խորհուրդի ատենապետերուն ներկայացուց իրենց պարտականութիւնները, իրաւասութիւնները եւ պարտաւորութիւնները: Վարդուկ Ֆռնզլեան, Սկաուտական խորհուրդներու ատենադպիրներուն տուաւ ատենագրութեան, շրջաբերական ու նամակներ պատրաստելու կանոններուն մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ ծրագիր ու նիւթաբարոյական տեղեկագիր պատրաստելու ձեւերու մասին խօսեցաւ: Ատենադպիրներուն փոխանցուեցաւ իւրաքանչիւրէն ձեւանմուշ մը: Թալին Պէրպէրեան, Սկաուտական խորհուրդի հաշուապահներուն ներկայացուց հաշուեկշիռ պատրաստելու ձեւը, հաշուետոմարին մէջ հաշիւները արձանագրելու կերպը եւ ձեւանմուշներ փոխանցեց հաշուապահներուն, ապա պատասխանեց կարգ մը հարցումներուն: Վաչէ Նաճարեան ներկայացուց «Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի դերակատարութիւնը եւ գործունէութիւններու մասնակցելու կարեւորութիւնը» նիւթը:
Ճաշէն ու դադարէն ետք մասնակցողները կարճ բաժինով մը ներկայացուցին խմբակային աշխատանքներու ընթացքին իրենց ստացած գիտելիքները, իսկ վերջին բաժինով Յակոբ Չպլաքեան ներկայացուց յառաջիկայի սկաուտական գործունէութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներու ծրագիրը եւ աշխատելաոճը:
Ապա ներկաներուն առիթ տրուեցաւ արծարծելու սկաուտութիւնը յուզող հարցերը:
Աշխատաժողովը վերջ գտաւ յետմիջորէին ժամը 3:00-ին, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: