Գաղութային

«Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի Յանձնախումբը Գումարեց Իր Հերթական Նիստը

«Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի Յանձնախումբը Գումարեց Իր Հերթական Նիստը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2023-ին, Վեհարանի մէջ։ Նիստին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսը։ Մասնակցեցան ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ հեռակայ՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական հիմնադրամ»ի վերջին հրատարակութիւններուն եւ շեշտը դրաւ յատկապէս ժամանակակից խնդիրներուն հետ աղերս ունեցող...

«Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում»  Եւ «Հայաստանը Եւ Տարածաշրջանը»  Հատորներու Շնորհահանդէս

«Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում» Եւ «Հայաստանը Եւ Տարածաշրջանը» Հատորներու Շնորհահանդէս

Երկուշաբթի, 16 յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» եւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը» հատորներու շնորհահանդէսը: Երկու գիրքերն ալ գիտաժողովներու զեկուցումներու ժողովածուներ են: Առաջին գիտաժողովը կազմակերպած էին Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, իսկ երկրորդ գիտաժողովը կազմակերպուած էր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի...

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիին.  «Պէտք Է Բարոյականն Ու Աստուածայինը Առաջանորդեն Մեր Ձգտումները, Իսկ Մեր Ուշադրութիւնը Պարտինք Ուղղել Մեր Զաւակներուն», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիին. «Պէտք Է Բարոյականն Ու Աստուածայինը Առաջանորդեն Մեր Ձգտումները, Իսկ Մեր Ուշադրութիւնը Պարտինք Ուղղել Մեր Զաւակներուն», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Կիրակի, 15 յունուար 2023-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:30-ին այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Աւետարանը երկու հրաշալի ծնունդներու պատմութիւնը կը ներկայացնէ մեզի. մեր Փրկչին` Յիսուսի Քրիստոսի...

Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան Արժեւորեց Հայաստանի Ակադեմիայի Հիմնարկներ-«Ազդակ» Համագործակցութիւնը

Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան Արժեւորեց Հայաստանի Ակադեմիայի Հիմնարկներ-«Ազդակ» Համագործակցութիւնը

Հայաստանի գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան Լիբանան կը գտնուի` հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հայագիտական դասընթացքին դասախօսելու համար: Փրոֆ. Մելքոնեանի այցելութիւնը «Ազդակ» յատկանշուեցաւ տնօրէնութեան հետ իր ունեցած տեսակցութեան ընթացքին կատարած ընդգծումներով: Պատմութեան հիմնարկի  տնօրէնը գնահատեց «Ազդակ»-ի հետ հայաստանեան գիտական կեդրոններու եւ յատկապէս ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին հետ համագործակցութիւնը, նաեւ առաջարկներ կատարեց` լսարանային քննարկումներուն պատմաքաղաքական բնոյթի նիւթեր արծարծել:...

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի Այցելութիւնը «Ազդակ»

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի Այցելութիւնը «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, ընկերակցութեամբ ամերիկաբնակ ազգային-հասարակական գործիչ Վազգէն Գալթաքճեանի: Հանդիպումին ներկայ էր պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան: Դոկտ. Մանուկեան Լիբանան կը գտնուի մասնակցելու համար իր հեղինակած հրատարակութիւններու` «Մարդկութեան վկաները» (ֆրանսերէն) եւ «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ քսան կախաղաններու մասին անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ» շնորհահանդէսին: Տարբեր պետութիւններու արխիւներու մէջ գտնուող կուսակցական նիւթերու շուրջ տեղի ունեցած հետաքրքրական խորհրդակցութիւնն...

Պապական Նուիրակը Այցելեց  Վեհափառ Հայրապետին

Պապական Նուիրակը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը: Նոր նշանակուած նուիրակին առաջին հանդիպումը ըլլալով վեհափառ հայրապետին հետ, Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, թեմական կառոյցներուն ու միջեկեղեցական գործակցութեան, եւ ապա` Լիբանանի հայութեան: Տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ մասնաւորաբար նախագահի ընտրութեան առնչուած զարգացումներուն շուրջ: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Վատիկանին զօրակցութիւնը Արցախի...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու  Ծրագիրի Երրորդ Փուլ.  «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան  Հեռատեսիլի Լրատուութեան Արուեստին

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Հեռատեսիլի Լրատուութեան Արուեստին

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ ծանօթացան հեռատեսիլի լրատուութեան աշխատանքին, միջոցներուն, թեքնիքներուն, գործադրութեան, լուրը կարդալու նրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ ակնդիրին հաղորդական ըլլալու գաղտնիքներուն: Հեռատեսիլի լրատուութեան արուեստը շատ հաճելի եւ կատարեալ արհեստավարժութեամբ ներկայացուց ձայնի հաղորդավար, խմբագիր Արմէն Ապտալեան: Ան լաւապէս բացատրեց գրաւոր մամուլի, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի համար պատրաստուած լուրերուն տարբերութիւնները` ընդգծումներ կատարելով յատկապէս հեռատեսիլի...

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Անթիլիաս

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Անթիլիաս

Հինգշաբթի, 12 յունուար 2023-ին, Հըզպալլա կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց կաթողիկոսանիստ վանք եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող այժմէական հարցեր, յատկապէս` ընկերային-տնտեսական տագնապը եւ նախագահի ընտրութիւնը: Պատուիրակութիւնը շեշտեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր դերը մասնաւորաբար քաղաքական ու տնտեսական մարզերուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Չորեքշաբթի, 11 յունուար 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանին փոխանորդը եւ մարդկային իրաւանց պատասխանատու Կայ Լին: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ յատկապէս անդրադառնալու նախագահական ընտրութեան եւ ընկերային-տնտեսական տագնապին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ մտահոգիչ կացութեան եւ առաջարկեց...

Իրանի Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Իրանի Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի այցելութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան: Այցելութեան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային-ելեւմտական վիճակը եւ անկէ դուրս գալու կարելիութիւնները, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումն ու Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հակահայ...

«Կոչ Կ՚ուղղեմ Իրանին, Մարդասիրական Մտահոգութենէ Մղուած, Միջամտելու Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Կոչ Կ՚ուղղեմ Իրանին, Մարդասիրական Մտահոգութենէ Մղուած, Միջամտելու Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթապի Ամանիի, ընկերակցութեամբ իր փոխանորդին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու այժմէական նիւթեր: Առաջինը՝ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն էր: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ նկատեց ներ-լիբանանեան համաձայնութեան գոյացումը: Նախագահի անձին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ հրամայական է, որ քաղաքական օրակարգի եւ ուղղութեան մը շուրջ...

«Բեթղեհէմը` Աղբիւր Երկնային Յոյսին»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Բեթղեհէմը` Աղբիւր Երկնային Յոյսին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Հայրապետանիստ Վանքին Մէջ Մեր  Տիրոջ եւ Փրկիչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կաթողիկոսանիստ վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ հայրապետական թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի մայր տաճար, ուր վեհափառ հայրապետը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագը, կատարեց մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը`  Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը հաստատեց, որ Ս. Ծնունդը պատմութեան ամէնէն լուսաւոր տեսիլքն է: «Այսօր Աստուած երկինքէն երկիր կ՛իջնէ իբրեւ լոյս, որպէսզի մարդկութեան հայեացքը լուսաւորէ եւ անոր կեանքը ուղղէ...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ`  Ս. Ծննդեան Համերգ` Համազգայինի «Գուսան»-ի Եւ «Բարսեղ Կանաչեան»-ի Կատարողութեամբ

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ` Ս. Ծննդեան Համերգ` Համազգայինի «Գուսան»-ի Եւ «Բարսեղ Կանաչեան»-ի Կատարողութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 4 յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի արուեստագէտներուն: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին լեցուցած հայ եւ արաբ հոծ բազմութիւնը հմայուեցաւ «Գուսան» երգչախումբի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի արուեստագէտներուն գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներով: Համերգին ներկայ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ

Երկուշաբթի, 2 յունուար 2023-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը կաթողիկոսանիստ մայրավանք այցելելով` հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ, ներկայութեամբ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Արցախի պարզած ներկայ տագնապալից կացութեան, Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները յուզող խնդիրներուն:...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լոյս Տեսաւ 2023-ի Եկեղեցական Օրացոյցը  Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյսին ընծայուեցաւ 2023 տարուան եկեղեցական գրպանի օրացոյցը: Եկեղեցական օրացոյցը կը բովանդակէ մեր եկեղեցւոյ տօները եւ ամէնօրեայ հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, Ս. Գիրքի ընթերցուածները, սաղմոսներն ու աղօթքները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ: Օրացոյցի սկզբնաւորութեան, հայրապետական պաշտօնական լուսանկարէն ետք, տեղադրուած են` «Աղբիւր կենաց» շարականը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը, համառօտագրութիւններ ու ծանօթագրութիւններ, ս....

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի Ծառայութիւնները` 2022 Թուականին

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակի Ծառայութիւնները` 2022 Թուականին

Հիւ­ան­դա­նո­ցա­յին, Դե­ղո­րայ­քի Եւ Այլ Կա­րիք­նե­րու` 3 Մի­լի­առ 608 Մի­լի­ոն Լ. Ոս­կի­ի Յատ­կա­ցում, 3494 Պա­րա­գա­յի Հայ­կա­կան երես­փո­խա­նա­կան գրա­սե­նե­ա­կը, իր ըն­թա­ցիկ աշխա­տանք­նե­րուն կող­քին, 2022-ի յու­նու­ա­րէն մին­չեւ դեկտեմ­բեր, ան­կախ «Ար­տակարգ իրա­վի­ճակ­նե­րու մար­մին-ԿԱՄՔ»-էն, կա­տա­րած է մե­ծա­գու­մար յատ­կա­ցում­ներ` հե­տեւե­ալ բա­ժա­նում­նե­րով. - Դե­ղո­րայ­քի դի­մում` 1242 պա­րա­գայ: - Այլ օժան­դա­կու­թիւն­նե­րու դի­մում` 612 պա­րա­գայ: Դի­մող­նե­րու ընդ­հա­նուր թիւ` 3494: Գրա­սե­նե­ա­կին դի­մած առող­ջա­պա­հա­կան եւ այլ կա­րիք­նե­րու հա­մար մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կա­տա­րու­ած...

Ամանորեայ Անդրանիկ Ս. Պատարագ Եւ Հայրապետական Պատգամ

Ամանորեայ Անդրանիկ Ս. Պատարագ Եւ Հայրապետական Պատգամ

Արդէն թեւակոխեցինք 2023 նոր տարին` մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ ունենալով նոր սկիզբի, նոր երազներու, նոր նուաճումներու ու նոր յանձնառութիւններու վառ յոյսը եւ մեր ետին թողեցինք մեր անձնական, ընտանեկան թէ հաւաքական հինը եւ  յուսախաբութեան ոգին: Այս սպասումներով ու հաւատքով 1 յունուար 2023-ի առաւօտուն հաւատացեալներ ուղղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար, ուր, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ Նոր տարուան անդրանիկ սուրբ...

ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Սերունդը Վերանորոգեց Իր Ուխտը

ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի Սերունդը Վերանորոգեց Իր Ուխտը

Ուրբաթ, 30 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Լիզպոնի նահատակ տղոց շիրիմին մօտ ԼԵՄ-ականները վերանորոգեցին իրենց ուխտը: ԼԵՄ-ի 50-ամեակի այս սերունդը ուխտեց հաւատարիմ մնալ միութեան հիմնադրութեան առաքելութեան, նոյն երկաթեայ կամքով շարունակել պայքարը եւ ըլլալ հոն, ուր իր կարիքը կայ: Դարուս բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայելով եւ երկրին ծանր պայմաններուն տոկալով` ԼԵՄ-ական տղաքը ուխտեցին անշեղ մնալ դաշնակցական երիտասարդի ազգային-յեղափոխական ոգիէն  եւ միայն...

Հրաժեշտի Պատարագ` Խաչիկ Ա. Քհնյ. Միսիրեանի

Հրաժեշտի Պատարագ` Խաչիկ Ա. Քհնյ. Միսիրեանի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 25 դեկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ իր 45-ամեայ ծառայութեան աւարտին հրաժեշտի պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը օրինակ բերաւ Մատթէոսի աւետարանի 9-րդ գլուխին մէջ գրուած դրուագ մը, որ նախ մեզի կը յիշեցնէ, թէ ան, որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է սիրէ...

Page 97 of 365 1 … 96 97 98 … 365

Արխիւներ