Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի աշակերտներուն, ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2022-ին կաթողիկոսանիստ մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակը մեր եկեղեցւոյ մեծագոյն ու ժողովրդային սուրբերէն` Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնին, ինչպէս նաեւ` Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին:
Արդարեւ, հայրապետական տնօրինումով, մեծ սուրբին` Ս. Յակոբի սրբազան մասունքը, որ կը գտնուի կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ եւ մաս կը կազմէ կաթողիկոսութեանս բազմադարեան եւ բազմաթիւ այլ մասունքներու հարստութեան, դուրս բերուեցաւ թանգարանէն եւ հոգեպարար արարողութեան նախագահող եպիսկոպոսին` Շահան արք. Սարգիսեանի (մատենադարանապետ) ձեռամբ, եկեղեցական թափօրի պահուն բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովրդեան:
Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին օրհնութիւնն ու բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ մեր ազգին, մեր ընտանիքներուն եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայէն:


