Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը ՄԱԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Արցախի Հայութեան Նոր Սերունդին Իրաւունքներն Ու Ապագան

December 23, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մէկ շաբաթէ ի վեր շարունակուող լիբանանահայութեան` Արցախի նկատմամբ զօրակցութեան միասնական քայլերուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2022-ի կէսօրին, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ Արցախի զօրակցական աշակերտական ցոյց կատարեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ:

Զօրակցական ցոյցի ընթացքին կարդացուեցաւ ՄԱԿ-ին ուղղուած յուշագիր, ուր միջազգային կառոյցին կոչ կ՛ուղղուի ջանքեր գործադրել վերաբանալու Լաչինի միջանցքը եւ պաշտպանելու արցախցի մանուկներու իրաւունքները, սնունդը, ապագան եւ կեանքերը: Աշակերտները բարձրացուցած էին Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի դրօշներ, ինչպէս նաեւ Արցախի պաշարումը վերացնելու եւ Լաչինի միջանցքը բանալու կոչ ուղղող պաստառներ: Աշակերտները նաեւ երեք լեզուներով բացագանչեցին կարգախօսներ: Աւարտին աշակերտներու պատուիրակութիւն մը յուշագիրը յանձնեց ՄԱԿ-ի պատասխանատուի մը:

Ստորեւ` աշակերտական զօրակցական ցոյցին կարդացուած յուշագիրը.

«12 դեկտեմբերին, քաղաքացիական հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ` բնապահպանութեան պատրուակով Շուշի-Քարինտակ կէտին վրայ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին եւ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութիւնը ենթարկեցին պաշարումի` անկէ բխող բոլոր մարդասիրական հետեւանքներով:

Արգելափակման ու պաշարման իբրեւ անմիջական հետեւանք 1100 քաղաքայիններ, ներառեալ տարեցներ, կիներ եւ 270 մանուկներ ձմեռնային ցուրտ պայմաններու մէջ մնացին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի Ստեփանակերտ-Շուշի եւ Լիսագոր-Շուշի հատուածներուն վրայ: Բազմաթիւ մանուկներ մնացին առանց իրենց ծնողներուն, որովհետեւ վերջիններուս տուն վերադարձը արգիլուեցաւ:

Աւելի՛ն, Շուշիի շրջանի շարք մը համայնքներ ամբողջութեամբ մեկուսացուած ու կտրուած են Արցախի Հանրապետութեան մնացեալ մասէն ու Հայաստանէն: Թէեւ քանի մը օր ընդհատուելէ ետք կազի մատակարարումը վերականգնուած է, սակայն ատիկա տակաւին ենթակայ է ազրպէյճանական բռնատիրութեան կամայականութեան, Արցախի սննդեղէնի եւ բժշկական մատակարարումները ամբողջութեամբ արգելակուած են, եւ դպրոցները կը շարունակեն փակ մնալ:

ՄԱԿ-ին կոչ կ՛ուղղենք պաշտպանելու Արցախի մանուկներուն իրաւունքները, ուտեստեղէնը, ապագան եւ կեանքերը:

 

 

 

Նախորդը

Ռուսիան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռուբլիի Վճարումով Հացահատիկ Մատակարարած Է Թուրքիոյ

Յաջորդը

Նախքան Տօնական Արձակուրդի «Տեղքայլը». Տեղական Թէ Միջազգային Փորձեր` Նախագահական Թղթածրարի Վերաշխուժացման Գծով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.