Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Հաւատացեալներ Ստացան Սուրբին Մասունքին Օրհնութիւնը

Դեկտեմբեր 28, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2022-ին քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին ու նախավկային` Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նշուեցաւ կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանը: Ս. սեղանին սպասարկութիւնը կատարեց դպրեվանքի սարկաւագաց դասը:

Սրբազան հայրը օրուան իր քարոզին մէջ վեր առնելով Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տիպարը, մեկնելով առաքեալներու գործերէն եւ հայկական շարականէն` յատկանշական եօթը գիծեր պարզեց. Ս. Ստեփանոս` «Շնորհքի մարդը», «Հաւատքի մարդը», «Աղօթքի մարդը», «Ծառայութեան մարդը», «Իմաստութեան մարդը», «Վկայութեան մարդը» եւ «Նահատակութեան մարդը»: Ապա դիմելով դպրեվանեցիներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ սարկաւագ եւ կիսասարկաւագ դպրեվանեցիներ, երբ Ս. Ստեփանոսի ինքնութիւնը կը փորձենք պեղել եւ հրամցնել մեր ժողովուրդին, բարի ակնկալութիւնը ունինք, որ յատկապէս դո՛ւք պիտի ջանաք անոր նկարագրին հետեւողութեամբ աճիլ, զարգանալ եւ պատրաստուիլ մեր ժողովուրդի կեանքի անդաստանին մէջ դառնալու «մշակ առանց ամօթոյ» եւ կեանքով պանծացնել առաջին սարկաւագին յիշատակը»: Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց` նշելով, որ այսօր նահատակութեան նոյն ճանապարհէն կը քալեն մեր քոյրերն ու եղբայրները շրջափակուած Արցախի մէջ, եւ որքա՜ն յուսադրող է Ս. Ստեփանոս նախավկային` առաջին մարտիրոսին նուիրուած հայ շարականին վերջաբանը: «Մենք ալ, անմարմին բազմութիւններու դասերուն եւ հրեղէն լեզուներուն հետ, աղօթանուէր մաղթանքներով կը վերահայցենք եւ կը խնդրենք քեզմէ, մարդասէ՛ր Փրկիչ, խնայէ՛ մեզ, յատկապէս արցախահայութիւնը, դո՛ւն, որ մեզ ստեղծողն ու աշխարհի կեանքն ես, փա՜ռք քեզի» աղօթքով փակեց քարոզը:

Ս. պատարագի աւարտին, դպրեվանեցիներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած, սարկաւագներուն կողմէ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագաց տօնին առիթով դպրեվանքի սարկաւագներուն պատրաստութեամբ գեղարուեստական յայտագիր մը: Յանուն դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն` ուղերձ կարդաց Նշան սրկ. Անտրեանը: Ան ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին տիպարն ու կեանքը կը ներշնչեն դպրեվանքի սաները ու կը մարմնաւորեն ծառայութեան նուիրական արժէքը, եւ սուրբին օրինակին հետեւելով` կ՛ամրապնդենք մեր հաւատքը, պատրաստ` դիմագրաւելու ամէն տեսակ մարտահրաւէրներ:

Նախասարկաւագին նուիրուած շարականներու երգեցողութեան ու Հրակ սրկ. Գրտանեանի կողմէ աւետարանական հատուածի մը ընթերցանութեան յաջորդեց Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը:

Հայրապետը, ինչպէս յաճախ եւ միշտ, իր պատգամին մէջ ընդգծեց ծառայութիւնը եւ յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ անսակարկ ծառայութեան արժէքը: Ան դիտել տուաւ, որ ճշմարիտ ու իսկական ծառայութիւնը առանց ակնկալութեան ու գնահատանքի եւ առանց որեւէ մէկ սպասում ունենալու ծառայելն է. ա՛յս է իսկական ծառայութեան առանցքը, իմաստն ու նպատակը եւ Քրիստոսի կողմէ մեզի փոխանցուած ծառայելու ուսուցումն ու թելադրութիւնը: Խօսելով սուրբերուն ունեցած դերակատարութեան մեր կեանքէն ներս` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ սուրբերը կարիքը չունին մեր փառաբանանքին, այլ մենք ենք, որ կարիքը ունինք անոնց կեանքէն, գործէն ու վկայութենէն ճառագայթող արժէքներուն, շնորհքներուն, աղօթքներուն ու բարեխօսութեան: Արդարեւ, առանձնացնելով Ս. Ստեփանոսը` իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց նախասարկաւագին համեստ ու խոնարհ նկարագիրը, որուն շնորհիւ ան կարողացաւ ըլլալ իր ժողովուրդին հետ եւ նոյնացաւ իր ժողովուրդի տագնապներուն: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ բոլորս, սկսեալ դպրեվանքէն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութենէն, կոչուած ենք այնպիսի՛ ծառաներ դառնալու ու միաժամանակ կազմաւորելու, որոնք կը ծառայեն վեհ ու սրբազան նպատակներու, կը կրկնեմ, առանց գնահատանքի ու սպասումի: Այսօր մեր ժողովուրդը որքա՜ն կարիքը ունի ճշմարիտ ծառայութեամբ ծառայողներու` Հայաստանէն ու Արցախէն սկսեալ, մինչեւ Լիբանան, Սուրիա եւ ի սփիւռս աշխարհի, յիշեցուց վեհափառ հայրապետը: Աւարտին հայրապետը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդին կարիքները այսօր այնքա՜ն բազում են, որ պէտք ունինք այնպիսի ծառաներու, որոնք իրենց կեանքը կ՛արժեւորեն միայն ու միայն համեստ, իրաւ, անկեղծ ու հարազատ ծառայութեամբ:

Հայրապետական պատգամէն ետք կաթողիկոսը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց դպրեվանքն ու սարկաւագաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը: Գեղարուեստական յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Կարեւորութեամբ յայտնենք, որ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած սուրբին սրբազան մասունքը (այլ սրբազան մասունքներու կողքին) դուրս բերուեցաւ եւ զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագի աւարտին հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ մօտենալով սրբազան մասունքին` ստացան անոր օրհնութիւնը:

Նախորդը

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօն

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?