Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աւանդական Տօնավաճառ

Դեկտեմբեր 24, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Զուարթնոց» կեդրոնի աւանդական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին` առաւօտեան ժամը 11:00-էն երեկոյեան ժամը 6:00:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ  պատուելի Սեպուհ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Լիբանանի Հայ համայնքի Ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետը եւ անդամներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, կեդրոնի բարեկամներ ու ծնողներ:

«Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի հիմնադրութեան 35-ամեակին զուգադիպող այս տօնավաճառին իր խօսքը արտասանեց կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան, որ ըսաւ.

«1987-ին սկսաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի պատմութիւնը: Պատմութիւն մը` սիրով եւ յոյսով լեցուն, որ 35 տարի շարունակ դէպի կեանք նայեցաւ: 1987-էն ի վեր կ՛ապրի «Զուարթնոց»-ը` լաւագոյն փաստը տալով, որ ստեղծագործ աշխատանքը, յարատեւ ճիգը, համբերութիւնը, ծառայութիւնն ու զոհաբերութիւնը կարեւորագոյն եւ մեծագոյն պատնէշն են ընդդէմ պարտութեան, տկարութեան եւ ընկրկումի:

«Զուարթնոց» կեդրոնի հաւատարիմ բարեկամնե՛ր, հրաւիրուած էք այսօր ձեր սեփական աչքերով տեսնելու այս կեդրոնի աշակերտներու ձեռակերտ աշխատանքները, որոնք կը ցոլացնեն անոնց մտքերը, յոյսերը, երազները եւ այն դերակատարութիւնը, զոր կ՛ունենայ «Զուարթնոց»-ը զիրենք կեանքի դժուարութիւններուն համար պատրաստելու, վարժեցնելու, դաստիարակելու եւ ապա աշխատանքի մէջ ընդգրկելու ու մեր ընկերութեան մէջ գործօն տարրի վերածելու: Ինչպէս առածը կ՛ըսէ, եթէ կ՛ուզես օգտակար ըլլալ անձի մը, մի՛ բաւարարուիր անոր տալով ինչ որ ունիս, այլ օգնէ անոր, որ ճանչնայ եւ գտնէ իր ներուժն ու կարողութիւնները` զարգացնելով զանոնք:

«Այս տօնավաճառը պսակն է այն ձգտումներուն եւ յարատեւութեան, զորս ունին «Զուարթնոց»-ի մեր զաւակներն ու անոնց ընտանիքները:

«Օրինակելի է մեր սիրելիներուն ընթացքը, որ լաւագոյն փաստն է ուժեղ կամքին եւ շարունակական ճիգին: Դժուար էին անցող 3 տարիները մեր բոլորին համար: «Քորոնա»-ի համաճարակը, նաւահանգիստի պայթումը, տնտեսական անտանելի պայմանները ահռելի վիճակ ստեղծեցին Լիբանանի մէջ: Բացակայ է պետութիւնը ամբողջովին: Պետական կառոյցները անզօր են որեւէ աշխատանք տանելու: Դադրած են պետական նպաստները:

«Հակառակ այս բոլորին, մենք գոյատեւեցինք: Մեզմէ աւելի մեծ, հին, նիւթական հսկայական կարելիութիւններ ունեցող նոյնանման հաստատութիւններ կա՛մ փակեցին իրենց դռները, կա՛մ կրճատեցին աշխատանքները եւ կամ միայն շաբաթը 3 օրով բաց պահեցին հաստատութիւնները: Իսկ մենք շարունակեցինք:

«Դժուարութիւնները զօրացուցին մեր կեանքը: Տագնապը զօրացուց մեր հաւատքը: Յաւելեալ վստահութեամբ այս կեդրոնը գրկեց իր աշակերտները:

«Այս բոլորը չէինք կրնար գլուխ հանել առանց ձեր գործակցութեան, առանց ձեր նեցուկին: Ձեր ներկայութիւնը այս ձեռնարկին յաւելեալ փաստ է այն հաւատքին եւ վստահութեան, զորս կը ցուցաբերէք «Զուարթնոց»-ի նկատմամբ: Առանց ձեզի մենք պիտի չկարենայինք շարունակել եւ կատարել մեզի վստահուած աշխատանքը, յատուկ կարիքներ ունեցող մեր տղոց ու աղջիկներուն հասնելու աստուածահաճոյ ծառայութիւնը», ըսաւ ան:

Տօնավաճառին, անկախ վաճառքի դրուած Ծննդեան եւ Նոր տարուան քաղցրեղէններէն եւ զարդերէն, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն ձեռային աշխատանքները ու պատրաստած նուէրները:

Մինչեւ երեկոյ տեւած տօնավաճառը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց այցելուներուն մօտ եւ ուրախութիւն` «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն ու ծնողներուն:

Նախորդը

Տուրմի Պատրաստութեան Գաղտնիքները

Յաջորդը

Չեղա՜ւ… Մարզպետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?