Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

December 20, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ` 17 եւ կիրակի` 18 դեկտեմբերին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Արդարեւ, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա` մատաղի պատրաստութիւն, իսկ երեկոյեան կատարուեցաւ ժամերգութիւն:

Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:15-ին եկեղեցւոյ կից մայր պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր իր երեսնամեայ ծառայութեան աւարտին հրաժեշտի ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան: Պատարագին նախագահեց եւ հանդիսապետեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան` յայտնեց, որ Ս. Յակոբ, Ս. Հոգիին ներգործութեամբ, Մծբինի աթոռին համար եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ եւ քրիստոնէական կրօնի հաստատութեան համար ինքզինք նուիրաբերեց ու իր կարողութիւնները ընծայեց եկեղեցւոյ հաստատման ու պայծառացման սրբազան գործին, աւելցնելով, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ անոր կը վերագրուի Արարատ լեռ բարձրանալու յանձնառութիւնը, զոր յանձն առած էր, որպէսզի Մծբինի ժողովուրդին հաստատէ ջրհեղեղի ճշմարտութիւնը: Համաձայն մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան, Տիրոջ հրեշտակին կողմէ Արարատ լերան վրայ անոր կը յանձնուի Նոյեան տապանէն փայտի բեկոր մը, որպէսզի անով մխիթարէ իր ժողովուրդը եւ պարզէ աստուծոյ փառքը:

Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մենք սուրբերը չենք պաշտեր, այլ` որպէս Քրիստոսի ամենասիրելի եւ ամենամօտիկ դէմքեր, զանոնք կը պատուենք եւ անոնց յիշատակին առիթով անոնց օրինակը կը պարզենք մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի նախ հաւատացեալները անդրադառնան, որ երբ Աստուած իրողապէս կ՛առաջնորդէ մարդուն կեանքը, երկրաւոր պայմաններու մէջ ալ մարդ կրնայ  սիրոյ, ճշմարտութեան եւ սրբութեան ճամբաներէն քալելով` մօտենալ Աստուծոյ պատկանող բարձրագոյն կեանքի փորձառութեան եւ արժանանալ սրբութեան պսակին:

Երկրորդ` սուրբերը կը պատուենք, որպէսզի անոնց օրինակին նայելով զգանք, թէ Տիրոջ այգիին մէջ հաւատարմութեամբ, անձնազոհութեամբ ու նուիրումով գործողները անպայմանօրէն կ՛արժանանան Աստուծոյ անմահական պարգեւներուն:

Երրորդ` սուրբերը կը պատուենք, որպէսզի անդրադառնանք, որ այս աշխարհը քրիստոնեային աշխատանքի տեղն է: Այստեղ` աշխարհի մէջ, պարտաւոր ենք հաւատքով պատրաստել մեր հոգեւոր ապագան, որ Աստուծոյ մօտ գտնուող յաւիտենական կեանքն է:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յայտնեց, որ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեանը վաստակաշատ 30 տարիներու հովուական առաքելութենէ ետք, վերջին պատարագով կը փակէ իր հովուական աշխատանքները եւ կ՛անցնի հանգիստի, դիտել տալով, որ հոգեխռով պահ է այս առիթը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ համայնքին համար, բայց նաեւ զգացական պահ` քահանայ հօր համար:

Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց թեմի կեանքէն ներս եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխային համայնքին մէջ քահանայ հօր ունեցած 30 տարիներու նուիրեալ  վաստակը եւ այս առթիւ դիտել տուաւ, որ հոգեւոր հովիւը, Քրիստոսի կողմէ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս առաքելութեան կոչուած այն անձնաւորութիւնն է, որուն մեր Տէրը կը վստահի իր հօտին ծառայելու պարտականութիւնը, հաստատելով, որ Աւետարանին մէջ, պարտականութիւն եւ սէր համատեղ ձգտումներ են, որոնք չեն սահմանափակուիր ժամանակով, միջավայրով եւ կեանքի փոփոխական վիճակներով:

«Հոգեւորականի կեանքին մէջ հպարտանալու պատճառներ չկան: Մենք Աստուծոյ ծառաներն ենք: Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառաներն ու սպասաւորներն ենք: Արդարեւ, աղօթքը, պաշտամունքը, Աստուծոյ հնազանդիլը, այլեւ Քրիստոսի հօտին հաւատարմօրէն ծառայելը, մարդկային ձիրքերն ու կարողութիւնները հասարակաց օգտին տրամադրելը ոչ միայն հոգեւոր հովիւին պարտականութիւններն են, այլեւ պարտականութիւնը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ. «Վստահաբար, կոչումով ու պարտականութեան գիտակցութեամբ 30 տարի հովուելէ ետք այս հօտը, տէր հայրը ձեռնունայն չի մեկնիր, այլ իրեն հետ կը տանի այս համայնքէն ներս միասնաբար կերտուած 30 տարիներու փորձառութեան պատմութիւնն ու յիշատակները, որոնց մէջ ներկայ են այս եկեղեցւոյ դիմագրաւած տագնապներն ու իրագործումները, եւ ներկայ են նաեւ բոլոր այն դէմքերը, որոնք այս եկեղեցւոյ աւազանին մէջ մկրտուեցան, այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ իրենց աղօթքի մրմունջները Աստուծոյ յանձնեցին, այստեղ կնքեցին իրենց ընտանեկան ուխտը եւ այս եկեղեցւոյ աղօթքով  նաեւ հրաժեշտ առին այս կեանքէն» եւ աղօթեց, որ իբրեւ եկեղեցւոյ հաւատաւոր ծառայ ու սպասաւոր, իր սիրելիներուն ու հարազատներուն սէրն ու յարգանքը վայելելով, նաեւ արժանանայ արդարութեան պսակին:

Այս առիթով եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան  ուղղեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ ան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ իր քահանայ ձեռնադրութեան, նաեւ իր ունեցած գործունէութեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, նաեւ` իրերայաջորդ առաջնորդներուն, իսկ խօսքը ուղղելով շրջանի ժողովուրդին` անոնց ներողամտութիւնը խնդրեց, եթէ որեւէ առիթով վշտացուցած է զիրենք:

Պատարագի աւարտին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` եկեղեցւոյ ննջեցեալ հին եւ նոր բարերարներու հոգիներուն համար, ապա կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

Նախորդը

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Կը Շարունակէ Իր Երթը

Յաջորդը

Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Սրբազան Մասունքը Դուրս Բերուեցաւ «Կիլիկիա» Թանգարանէն

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.