Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 17, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մտահոգութեամբ ու զարհուրանքով կը հետեւինք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ անցքի եւ կազատար խողովակի փակման լուրերուն:

Փաստօրէն, Արցախէն փրկուած փոքրիկ մասնիկն ալ այսօր ենթակայ է վերջնական կորուստի:

44-օրեայ պատերազմէն ետք  ի զուր սպասեցինք, որ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները զսպելով, միջազգային ընտանիքը առաջքը առնէ Արցախի շուրջ օր ըստ օրէ աւելիով սեղմուող մահուան օղակին եւ երաշխաւորէ Արցախի հայութեան ապահովութիւնը: Մեր ժողովուրդին համար մահու եւ կենաց հանգամանք ունեցող ներկայ կացութեան դիմաց, նաեւ ի զուր սպասեցինք, որ համազգային ջանքերը միաւորելու եւ հայութեան կեանքին մէջ ինքնապաշտպանութեան նոր կորով ստեղծելու առաջադրանքով, Հայաստանի իշխանութիւնները անհրաժեշտ ճիգ թափեն:

Ուստի, այսու կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն եւ կը թելադրենք, որ մեր ազգին սպառնացող վտանգները նշմարելով, մեր եկեղեցիներուն ու կառոյցներուն շուրջ բոլորուինք եւ Արցախին զօրակցելով, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը վեր բարձրացնենք:  Լիբանանահայութիւնը անտարբեր չի կրնար մնալ Արցախը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Այո՛, զրկուած ենք հայրենի հողին վրայ ապրելու կարելիութենէն, բայց հայրենական յիշողութիւն եւ լինելիութեան փորձառութիւն ունեցող հաւաքականութիւն ենք:

Սփիւռքի տարածքին կամ հայրենիքի մէջ, մեր ժողովուրդի կեանքը, գոյութեան համար մղուած ամէնօրեայ պայքար է, եւ այդ պայքարին մէջ ներկայ պէտք է ըլլանք բոլորս` հոգեւորական կամ աշխարհական, տարեց ու երիտասարդ, որպէսզի այս օրերու պայմաններուն մէջ ալ նոր ու լուսաւոր տեսիլք գտնենք:

Անկասկած, հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ունեցած է ողբերգական էջեր ու փառահեղ յիշատակներ: Արդարեւ, երբեմն անցած ենք արեան ճամբաներէ ու ոտնակոխ եղած եւ երբեմն ալ տարագրուած ենք ու նախճիրներու զոհը դարձած: Սակայն, միշտ ոտքի կանգնած ենք ու փառահեղ յաղթանակներ տանելով` հայրենի հողին վրայ դարձեալ ծլելու ու ծաղկելու իրաւունք ձեռք բերած:

Այսօրուան մթագնած վիճակին մէջ, յիշենք, որ Աստուած, կը շարունակէ իր սիրով պայծառացնել իր սիրելիներուն կեանքը, որպէսզի աշխարհի դժուարութիւններէն ու դժբախտութիւններէն միշտ  յաջողի դուրս բերել լուսաւոր եւ յուսալի վիճակներ:

Աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուծոյ պահապան Աջը պաշտպանէ Արցախն ու Հայաստանը, զօրացնէ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մեզ հաւաքաբար առաջնորդէ աւելի լուսաւոր եւ աւելի յուսալի վիճակներու:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

 

 

Նախորդը

Մահ` Նախկին Նախարար Եւ Երեսփոխան Մեթր Ժաք Չուխատարեանի

Յաջորդը

Միջկուսակցական Հանդիպում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.