Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօն

December 28, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի սարկաւագներուն, կիրակի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Աւետարանին մէջ բնաւ չէ յիշատակուած, թէ Ս. Ստեփանոս ի՛նչ եռանդով կատարեց սեղանին սպասաւորութիւնը, սակայն յիշատակուած է, որ ան առաքեալներու կողքին եւ անոնց չափ եռանդով Աստուծոյ Աւետարանի քարոզութիւնը, նաեւ ժողովուրդի շարքերէն ներս հրաշագործութիւններ կը կատարէր: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Երուսաղէմի մէջ անոր համբաւը այնքան մեծցած էր, որ մոլեռանդ հրեաներ իրենց ժողովարանին կողմէ դրդուելով` կը փորձէին խնդիրներ յարուցել անոր հետ, որպէսզի կարողանան պատճառ մը ստեղծել զինք հրապարակէն մեկուսացնելու համար:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Աւետարանին մէջ գրուած է նաեւ, որ այդ աստուածային անսահման սէրը, որ մարդկութեան փրկութեան համար երկինքէն երկիր բերաւ զՔրիստոս, երկրէն երկինք տարաւ նաեւ Ստեփանոսը, եւ այսօր մենք իր բարեխօսութեան դիմելով` կը խնդրենք, որ Աստուած նոր եռանդ, նոր ոգի, աշխատանքի նոր կորով եւ շնորհք հաստատէ մեր սարկաւագներուն մէջ, բայց նաեւ` բոլոր անոնց մէջ, որոնք նուիրուած են եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործին:

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ առիթ կը ստեղծենք անդրադառնալու անոնց մասին, որոնք իրենց մասնակցութեամբ կը ճոխացնեն ու կը հարստացնեն մեր եկեղեցւոյ արարողական կեանքը, աւելցնելով, թէ պատշաճ է, որ տարին անգամ մը հանդիսաւորապէս գնահատենք իրենց սպասաւորութիւնը` յիշելով եւ յիշեցնելով Ս. Ստեփանոսի օրինակը եւ թելադրելով, որ իրենք եւս արժանանան միեւնոյն փառքի պսակին: «Անկասկած Աստուած մեր ընկերութեան բոլոր անդամները կարողութիւններով, ձիրքերով եւ շնորհքներով օժտած է: Անցեալին մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մեր ժողովուրդին մասնակցութիւնը աւելի աշխուժ էր: Մարդիկ իրենց ունեցած շնորհքներուն եւ կարողութիւններուն աւելի գիտակ էին, բայց մասնաւորաբար կամեցող էին, որ իրենց ունեցածը նաեւ առատօրէն բաժնուի շրջապատին, որպէսզի այդ ձեւով Աստուծոյ փառքը առատանայ մեր իրականութեան մէջ: Այսօր դժբախտաբար մեր ընկերութիւնը ամէն ինչ կը սպասէ ուրիշէն: Կ՛ակնկալեն, որ ուրիշներ իրենց եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործը կատարեն, իսկ իրենք չէզոք հանդիսատեսի հանգամանքով միայն հեռուէն դիտող են», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` իր գնահատանքը եւ երախտագիտութիւն յայտնելով եկեղեցւոյ սարկաւագներուն ու բոլոր սպասաւորներուն եւ աղօթելով, որ Աստուած իրենց ծառայութեան ընդմէջէն առաւել եւս ամրացնէ առաքելական մեր սուրբ եկեղեցւոյ աշխատանքն ու ծառայութիւնը մասնաւորաբար դժուարին ներկայ պայմաններու մթնոլորտին մէջ, երբ մեր ժողովուրդը կարիքը ունի մեր եկեղեցւոյ ճամբով իրեն հասնող Աւետարանի աւետիսին, նաեւ մեր եկեղեցին կարիքը ունի իր զաւակներուն, որպէսզի կարողանայ բոլորին մասնակցութեամբ իր առաքելութիւնը շարունակել աշխարհի ամբողջ տարածքին:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ս. Ստեփանոսի Տօնին Առիթով Հաւատացեալներ Ստացան Սուրբին Մասունքին Օրհնութիւնը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.