Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Ժամերգութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, երեքշաբթի, 13 փետրուարի, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն: Հաւատացեալ ժողովուրդին յղած իր հայրական պատգամին մէջ սրբազան հայրը բացատրեց, որ Տեառնընդառաջ բառը կը նշանակէ ընդառաջ երթալ Տէրը դիմաւորելու համար: աւելցնելով, որ Մեծ պահքի նախօրեակին մենք ալ մեր կարգին պիտի փորձենք մեր հոգիներէն ներս ընդունիլ...




















