Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Ժամերգութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Փետրուար 16, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, երեքշաբթի, 13 փետրուարի, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն:

Հաւատացեալ ժողովուրդին յղած իր հայրական պատգամին մէջ սրբազան հայրը բացատրեց, որ Տեառնընդառաջ բառը կը նշանակէ ընդառաջ երթալ Տէրը դիմաւորելու համար: աւելցնելով, որ Մեծ պահքի նախօրեակին մենք ալ մեր կարգին պիտի փորձենք մեր հոգիներէն ներս ընդունիլ Փրկիչը` իբրեւ յոյս, որպէսզի մթագնած ու խաւարած կեանքի մեր պայմաններուն մէջ կարենանք իրմով մեր առօրեային մէջ հաստատել ներդաշնակութիւն, գտնել յոյս, խաղաղեցնել մեր հոգիները եւ անդրադառնալ, որ կեանքին մէջ մեզի հետ ունինք մեր Աստուածը, որ հակառակ մեզ շրջապատող տեսակաւոր դժուարութիւններուն եւ փոթորիկներուն` մեզի կ՛ընկերանայ մեր առօրեային մէջ, որպէսզի մեզ առաջնորդէ դէպի ապահով ափեր:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ համաձայն Աւետարանի վկայութեան, այս օր մեր եկեղեցին կը յիշատակէ ութօրեայ մանուկ Յիսուսի տաճար այցելութեան անդրանիկ դրուագը: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին ապրող Սիմէոն անունով տարիքով մեծ բարեպաշտ անձնաւորութեան մը կեանքին, որ Ս. Հոգիէն խոստում ստացած էր, թէ մինչեւ որ Փրկիչը իր աչքերով չտեսնէ, մահ պիտի չճանչնայ: Եւ երբ տաճար եկաւ, ուխտաւորներու բազմութեան մէջ միայն ինք նշմարեց ութօրեայ մանուկ Յիսուսը եւ ընդառաջ երթալով` զայն գրկեց, օրհնեց եւ զԱստուած փառաբանեց, որ խաղաղութեամբ մեկնի այս աշխարհէն, որովհետեւ երկար տարիներ սպասելէ ետք այս պահուն իր աչքերով տեսած էր Փրկիչը, նաեւ` որ Տիրոջ խոստումը կը կատարուի երկրի վրայ:

Սրբազան հայրը հարց տուաւ ներկաներուն, թէ ի՞նչ սպասումներով մենք այսօր եկեղեցի կը ներկայանանք, ի՞նչ հաւատքով կը դիմաւորենք մեզի եկող Փրկիչը եւ ի՞նչ կը փորձենք տեսնել մեր եկեղեցական կեանքին մէջ, շեշտելով, որ եթէ աւետարանական ճշմարտութիւնները մեզ չեն կրնար հրաւիրել մեր հայեացքը ուղղելու դէպի մեր Տէրն ու Փրկիչը, ապա անիմաստ են մեր բարեպաշտական բոլոր արտայայտութիւնները:

Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ այսօր, հետեւելով մեր ժողովուրդի դարաւոր անցեալ ունեցող աւանդութեան, պիտի վառենք խարոյկը` բաղձալով, որ այդ խարոյկի ճամբով, նաեւ աստուածային յոյսը ծագի մեր հոգիներէն ներս: «Յոյս ունենալ կը նշանակէ աշխարհի վրայ ունենալ` ամէնէն ապահով նեցուկը, նոյնինքն` զԱստուած: Առանց յոյսի` խաւար է մեր կեանքը, բայց յոյսով կը պարզուին բոլոր անհասկնալի, բոլոր անտրամաբանական, մարդկայնօրէն անըմբռնելի այն երեւոյթները, որոնք կամաց կամաց կը խռովեն մեզ մեր առօրեայի ընթացքին: Վա՜յ անոր, որ իր կեանքի ընթացքին կը կորսնցնէ ներքին յոյսի զգայնութիւնը եւ կը դատարկուի Աստուծոյ գիտակցութենէն ու շնորհքներէն», շեշտեց սրբազան հայրը` յորդորելով ներկաները, որ խնդրեն Աստուծմէ, որ լուսաւորէ իրենց կեանքի ճամբան, որ տագնապներու եւ դժուարութիւններու մէջէն կ՛անցնի, նաեւ Զայն դիմաւորեն իրենց կեանքէն ներս: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ պէտք է մեր հայեացքը ուղղենք մասնաւորաբար դէպի մեր մանուկները, որոնք այսօր, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, պէտք էր ողողէին այս եկեղեցին, եւ անոնց մէջ նշմարենք Աստուծոյ զետեղած շնորհքները, որոնք մեր աշխատանքով եւ մեր օրինակով պէտք է մշակուին, առատանան եւ վերածուին մեր կեանքը գեղեցկացնող շնորհքներու` մեր առօրեան եւ համայնական մեր վիճակը առաւել արգասաբեր դարձնելու համար:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը:

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Վարդանանց Ոգին

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?