Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

February 13, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինը իր կրթական ու մշակութային առաքելութեամբ եւ  աշխարհատարած գործունէութեամբ անմասն չի մնար հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններէն ու աղէտներէն: 6 փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան տեղի ունեցած երկրաշարժը ցնցած է համայն աշխարհը, յատկապէս` շրջանի ժողովուրդն ու Միջին Արեւելքի երկիրները:

Տասնամեակէ մը ի վեր ընթացող Սուրիոյ պատերազմի ահաւոր հետեւանքներուն վրայ աւելցաւ նոր ցաւ մը: Հալէպն ու հալէպահայութիւնը կրկին թիրախ են` այս անգամ բնութեան կողմէ հարուածուելով:

Նիւթական մեծ կորուստներէն առաջ, կան մարդկային զոհեր, որոնց թիւերը օրըստօրէ կ՛աւելնան: Երկրաշարժին պատճառած վնասները սաստկացուցին արդէն գոյութիւն ունեցող տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:

Դժնդակ պայմաններու մէջ ապրող Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը կը շարունակեն պայքարիլ: Այս բոլորին կողքին, անգամ մը եւս համաշխարհային զօրաշարժի մէջ ենք ազգովին: Արցախի աւելի քան 60 օրերու շրջափակումը եւ արցախցի մեր հայրենակիցներու յամառօրէն պայքարիլը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ միշտ մեր մտահոգութեան կիզակէտը, իսկ յաճախ` պայքարի եւ անկոտրում կամքի ներշնչարան:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր աշխարհատարած կառոյցներով եւ անդամներով իր բողոքի եւ դատապարտումի ձայնը կը բարձրացնէ Հայաստանը Արցախին կապող միջանցքը փակուելու առնչութեամբ` վստահ ըլլալով, որ հայ ժողովուրդի վաղեմի թշնամիները, որոնք առիթ չեն փախցներ կատարելու իրենց երազը` ջնջել հայութիւնն ու Հայաստանը, պիտի ձախողին անպայման: Հայ ժողովուրդը կառչած է իր հողին. սփիւռքը թիկունքն է  արցախահայութեան եւ հայոց աշխարհին:

Սուրիոյ հայ գաղութին եւ հայրենակիցներուն մեր անվերապահ աջակցութիւնը կը  տրամադրենք եւ վստահ ենք, որ մեր հայրենակիցները տոկալով նաեւ այս դժուարութեան` ոտքի պիտի կանգնին եւ դարձեալ պիտի շարունակեն իրենց բնականոն կեանքն ու աշխուժ գործունէութիւնը: Արհաւիրքը մեծ է եւ վնասները բազմազան, սակայն հայու կամքը պիտի կարենայ յաղթահարել այս բոլորը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Գետ-Գիտութեան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.