Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր գահակալով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետով, իր ուխտեալ միաբանութեամբ եւ բոլոր թեմերով, խորապէս կը ցաւի ի տես երկրաշարժին ստեղծած մարդկային կորուստներուն ու նիւթական մեծ աւերին եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: