Եղիշէ Մանուկեան Ազգային Քոլեճի Աշակերտները Կը Զօրակցին Արցախին Ու Արցախահայերուն
25 յունուար 2023-ը սովորական դասընթացի օր մը չէր Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութեան համար: Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ տարբեր մթնոլորտ մը կը տիրէր. ամէն կողմ` Հայաստանի ու Արցախի դրօշակներ, պաստառներ, լոզունգներ, ազգային-հայրենասիրական երգեր... Մինչ կէսօրուան ժամը 11:00-ին Զ.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտները մեկնեցան Պուրճ Համուտ, «Արին» կեդրոնի դիմաց տեղի ունեցող հաւաքին իրենց զօրակցութիւնն ու նեցուկը յայտնելու իր հողին ամուր կառչած արցախահայութեան, մանկամսուրէն մինչեւ...




















