Միջին Արեւելքը հարուածած երկրաշարժը դժնդակ կացութեան մատնած է արդէն իսկ տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային բազմաթիւ տագնապներ դիմագրաւող հալէպահայութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կ’անցնի սուրիական պատերազմի ահաւոր փորձութիւններուն ընդմէջէն:
Երկրաշարժը ծանր հարուած հասցուցած է հալէպահայ հայրենակիցներու անձնական թէ համայնքային ինչքերուն: Վնասուած են բնակարաններ, գործատեղիներ, ինքնաշարժներ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ: Զոհուած է երկու հայրենակից:
Ցնցուած է ամբողջ հալէպահայութիւնը: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Սուրիոյ իր ներկայացուցիչին եւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ճամբով մտահոգութեամբ կը հետեւի Հալէպի մէջ տիրող կացութեան:
Կասկած չկայ, որ հալէպահայութիւնը պիտի յաղթահարէ այս փորձութիւնը եւս, սակայն վերականգնելու եւ իր սպիները դարմանելու համար ան կարիքը ունի բոլորիս բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան: Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը աշխարհասփիւռ իր Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններուն կը թելադրէ անհրաժեշտ դրամահաւաքներ կազմակերպել` ձեռք երկարելու համար հալէպահայութեան անմիջական կարիքներուն ապահովման:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանը ընդհանրապէս եւ Հալէպի մայր գաղութի մասնաճիւղը յատկապէս, անցնող մէկ դարուն ՀՄԸՄ-ի ճամբով շատ բան տուած է միութեան եւ հայութեան: Այսօր, հաւաքական երախտապարտութեան եւ ազգային պարտականութեան կարգով, բոլորիս պարտքն է կանգնիլ հալէպահայութեան կողքին, որպէսզի իր ներկայ ճգնաժամին մէջ ան մնայ կանգուն եւ կենսունակ, կորովի եւ կազմակերպ, սփիւռքին համար, Հայաստանին համար, բովանդակ հայութեան գերագոյն շահերուն եւ իտէալներուն կենսագործման համար:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ