Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2023-ի Աւարտին Արամ Ա. Հովուապետական Այցելութիւն Պիտի Տայ Արեւմտեան Ամերիկա

February 10, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոս` ընդառաջելով Արեւմտեան թեմի  հրաւէրին, ընթացիկ տարուան աւարտին հովուապետական այցելութիւն պիտի տայ Արեւմտեան Ամերիկա:

Յայտնենք, որ անցնող շաբաթավերջին (4-6 փետրուար) թեմը ներկայացնող յատուկ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, մասնակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, այցելեցին Անթիլիաս, Լիբանան եւ Արամ Ա. հայրապետին հետ ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն եւ հանդիպումներ՝ Արեւմտեան թեմի ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն վերաբերեալ:

Լոս Անճելըս վերադարձին, առաջնորդ սրբազանը այսպէս գնահատեց Անթիլիաս իր մեկնումը. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Աթոռոյ Միաբաններուն, եւս առաւել աշխարհական ժողովականներուն, բարերարներուն, բարեկամներուն եւ հաւատացեալ մերազն ժողովրդեան համար մեկնիլ Հայրապետական Աթոռոյ կեդրոն՝ Անթիլիասի Մայրավանք, կը նշանակէ օրհնութիւններ քաղել տեղւոյն ոգեղէն համալիրէն, խնկաբոյր մթնոլորտէն ու շնորհառատ լոյս խորանէն, այլեւ աջահամբոյր կատարել Վեհափառ Կաթողիկոսին ու վայելել անոր զօրակցութիւնը մեր ընդհանրական, հաւաքական եւ անձնական առաքելութեանց մէջ:

«Ներկայիս, երբ օրհնախինդ հաւատքով վերադարձած ենք Մայրավանքէն, իբրեւ Առաջնորդ, հոգեկան անխառն ուրախութեամբ կ՛ուզենք տեղեակ պահել մեր ժողովուրդը, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով մեր եւ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարչութեան Խառն ժողովոյ խնդրանքին, զոր անձամբ ներկայացուցինք, մեզի ընկերակից ունենալով տեարք ատենապետն ու փոխատենապետը, վեհափառ հայրապետը հայրական ուրախութեամբ ընդառաջեց մեր հրաւէրին, ապա որոշում կայացաւ, որ ընթացիկ տարուան աւարտին Նորին Սրբութիւնը շնորհաբեր այցելութիւն պարգեւէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին:

«Մեզի կը մնայ հաւատքով գօտեպնդուիլ, սիրով հաւաքուիլ, եւ յոյսի ակնոցով նայիլ առաջ, թէ ինչպէս վեհափառին այցելութիւնը բոլորիս համար պիտի դառնայ վերանորոգ առիթ մը ամբողջականանալու եւ աւելի ուժեղ շարունակելու մեր համազգային առաքելութիւնը՝ ընդհանրապէս իբրեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան եւ մասնաւորաբար իբրեւ Արեւմտեան թեմ, վասն մեր ժողովուրդի առաւել ծաղկման, Կիլիկեան Հայրապետական Աթոռոյ առաւել բարգաւաճման եւ Հայաստան-Արցախ հայրենեաց աշխարհի անսասանութեան»:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Պերճ Գոյումճեանի Յիշատակին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.