Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Մեծաշուք Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

February 14, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, կաթողիկոսանիստ վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ անդաստանի հոգեպարար արարողութիւնը, մեր Տիրոջ` Քրիստոսի կեանքի օրինակով մանուկներու տաճար ընծայումը եւ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող աւանդական խարոյկի հրավառութիւնը:

Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով ներկայ թէ առցանց հետեւող հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց հայ ազգի ամբողջ պատմութեան ընթացքին հաւաքական հաւատքին ու վճռականութեան, յոյսին ու վառ տեսլականին ցուցաբերած յաղթանակը` ընդդէմ պատմութեան պարտադրած բոլոր տեսակի տագնապներուն: Այս գծով, ան վերյիշեցուց առաքեալին այն խօսքը, թէ երբ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, ամբողջ մարմինը կը ցաւի (հմմտ. Ա.Կր 12.26): Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, թէ ո՛չ միայն Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժէն տուժած մեր հայորդիները կը տագնապին, այլեւ հայրենի ու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակները, բոլորս, ազգովին կը տագնապինք մեր ազգին ցաւով: Մենք իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու նման կացութեան դիմաց` թէ՛ Կիլիկեան աշխարհին պատկանող մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ թէ՛ Հալէպի մեր գաղութի ցաւերուն, որովհետեւ բոլորս մէ՛կ ազգի կը պատկանինք: Ուստի, կոչ ուղղեց աղօթք բարձրացնելու մեր զոհերու հոգիներուն փրկութեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար. եւ, վերջապէս, աղօթելու, որ նման ցաւեր, տառապանքներ ու չարիքներ վերանան ու հեռանան մեր կեանքէն:

Անդրադառնալով Արցախի շրջափակման` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ աւելի քան 120 հազար հայորդիներ ձմրան ցուրտին կը շարունակեն տոկալ թշնամիին պատճառած դժուարութիւններուն ներքեւ` զրկուած ըլլալով կեանքի տարրական կարիքներէն ու մարդկային նուազագոյն իրաւունքներէն: Ան հաստատեց, որ մենք ո՛չ միայն կը ցաւինք Արցախի շուրջ ստեղծուած տագնապով, այլ մեր ժողովուրդը կոչուած է իր հաւաքական կեցուածքը արտայայտելու եւ պայքարելու ի խնդիր արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի վերահաստատման:

Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոսը անդրադարձաւ Տեառնընդառաջի պատգամին: Ան ընդգծեց, որ տարին անգամ մը նշուող արարողութիւն մը չէ այս, այլ ամէնօրեայ կենցաղակերպ է: Մանուկ Քրիստոսի օրինակով, մենք եւս հրաւիրուած ենք մեր զաւակները Աստուծոյ ընծայելու, որովհետեւ Աստուծմէ կու գանք ու Աստուծոյ կը պատկանինք. ուստի հաւատարիմ պէտք է մնանք աստուածային պատգամին եւ Տեառնընդառաջի խորհուրդը ապրինք ամէն օր: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ մեր կեանքը լեցնէ Իր երկնային շնորհներով, որպէսզի մենք, իբրեւ եկեղեցւոյ զաւակներ, Քրիստոսի զաւակներ, մեր Տիրոջ ուխտը, ներկայութիւնը եւ կտակը մեր կեանքին հետ շաղախենք` աստուածային օրհնութեամբ:

Պատգամին յաջորդեց մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի ծնողքին օրինակով, ներկայ ծնողներուն կողմէ իրենց զաւակներուն Ս. Խորանին ընծայման արարողութիւնը: Ապա, աւանդութեան համաձայն, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ մայրավանքի շրջափակ, ուր վեհափառ հայրապետը Ս. Սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը, որուն շուրջ Դպրեվանքի սաները ազգային երգեր երգեցին: Աւարտին, հաւատացեալներ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող լոյսը իրենց հետ տուն տարին, իբրեւ աստուածային օրհնութիւն:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան. Նապաայի Եւ Շրջակայ Թաղամասերուն Մէջ Պիտի Սկսի Ելեկտրական Թելերու Կարգաւորման Արշաւ

Յաջորդը

Խորհրդարանի Դիւանը Իր Քննարկումները Պիտի Շարունակէ Յառաջիկայ Երկուշաբթի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.