Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Սարգիս Տօնին Առիթով Տօնախմբութիւն Եւ Ս. Պատարագ

Փետրուար 7, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, շաբաթ` 4 փետրուարին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տօնակատարութեան յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ փառատօն: Եկեղեցւոյ կից տեղադրուեցան կրպակներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի «Ազիրեան» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւնը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի Ընկերային յանձնախումբը: Կրպակներուն մէջ կը վաճառուէին ուտելիք, ձեռային աշխատանքներ, հայկական զարդեղէններ եւ այլն:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-5:30 ելոյթ ունեցաւ «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ» մանկապատանեկան խումբը, իսկ երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ տի. ճէյ. Յովսէփ Թերզեանի, ընկերակցութեամբ «Սարին» խումբի տհոլ-զուռնայի, պուզուքիստ Յարութի, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներուն, Համազգայինի «Գայիանէ» պարախումբին` ղեկավարութեամբ Ժենի Քոլոյեանի, օրկանիստ` Հրակ Նագաշեանի, նաեւ երգիչներ Մհեր Չափարեանի, Անդօ Մարտիրոսեանի, Վարդան Սարգիսեանի` «Վարդանաքի», Գէորգ Մատարեանի, Էտի Նալպանտեանի, Յովիկ Ճունիըրի, Գէորգ Փարիզեանի եւ Կարէն Գազանճեանի:

Յայտնենք, որ շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու աղով օրհնութիւն եւ զենում, իսկ երեկոյեան կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն զուգահեռ պատրաստուեցաւ մատաղը:

Կիրակի, 5 փետրուարին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ապա առաջնորդ սրբազանը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ կը նշենք  Սուրբ Սարգիս զօրավարի նահատակութեան յիշատակը եւ այս առթիւ նաեւ կը յիշենք Ս. Սարգիսի որդին` Մարտիրոսը եւ 14 այն զօրականները, որոնք, իրենց հաւատքը պահելուն իբրեւ հետեւանք, 4-րդ դարուն նահատակուեցան: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ 361 թուականին ապրած Սուրբ Սարգիս զօրավարի կեանքին, գործունէութեան,  որ ամէն առիթով կը ջանար նաեւ օգնել իրեն դիմող կարօտեալներուն եւ այդպիսով քրիստոնէական ճշմարտութիւնները կ՛աճեցնէր իր շուրջ: Շեշտը դնելով անոր նահատակութեան վրայ, սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ս. Սարգիս ոչ միայն հայոց, այլ նաեւ` բոլոր արեւելեան եկեղեցիներուն կողմէ ներկայացուած է ճերմակ նժոյգին վրայ` վիշապ օձը հարուածող դիրքով եւ ճանչցուած է իբրեւ հրաշագործ վկայ, ճանապարհորդին ապաւէնը, նեղութեանց մէջ գտնուողներուն ամենահաս օգնականը:

«Կրնանք Ս. Սարգիսի ճշգրիտ կենսագրութիւնը գիտնալ կամ չգիտնալ, բայց` իբրեւ հայ եկեղեցւոյ զաւակներ, պէտք է յիշենք, որ մեր ժողովուրդը դարերով հաւատացած է եւ դեռ կը շարունակէ հաւատալ, թէ Ս. Սարգիս, իր զօրականի շքեղ կերպարանքի կողքին, իր հաւատաւոր ու խոնարհ կեանքի օրինակով, նաեւ հրաշալիօրէն արտայայտած է քրիստոնէական առաքինութեանց ու սրբութիւններուն ճշմարտութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով, դարեր առաջ արդէն իսկ սուրբի լուսապսակով զարդարած է անոր յիշատակը», հաստատեց սրբազան հայրը եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.

Ա.- Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ սուրբերը, ոչ թէ աւելի տարբեր եւ աւելի հզօր են իրենց շրջապատի մարդոցմէ, այլ` պարզապէս աւելի ջերմ հաւատացեալներ են, եւ, այդ հաւատքին շնորհիւ, նաեւ ճշմարիտ ու ազդու արտայայտիչներն են աստուածային հզօր առաքինութեանց եւ ճառագայթողները երկնային շնորհներուն: Այդ պատճառով է, որ Աստուած երկինքը կը բանայ անոնց դիմաց: Հետեւաբար, սուրբ են անոնք, որոնք մարդկային կեանքով, աստուածային ծրագիրներ կ՛իրագործեն աշխարհէն ներս եւ այդպիսով եկեղեցին կը գոյաւորեն: Իսկ այն զօրութիւնը, որ կրնայ մեզի նման երկչոտ ու դիւրաբեկ մարդը գօտեպնդել ու արիացնել, մինչեւ անգամ զայն սիրով առաջնորդել դէպի նահատակութիւն` անկասկած, Յիսուս Քրիստոսն է, որ իր հետեւորդներուն կը թելադրէ  նախ աշխարհին մէջ պատուել ու փառաւորել մեզի տրուած կեանքը, որպէսզի այդպիսով նաեւ արժանանանք յաւիտենական կեանքի պարգեւին:

Բ.- Պէտք չէ մոռնանք, որ աշխարհէն ներս քրիստոնեային կեանքի փառքը Աստուծոյ ծառայելու, ճշմարտութեան համար ինքզինք ընծայելու պատիւն է: Ուստի, սուրբերու օրինակին նայելով, մենք պէտք է զգաստանանք եւ յիշենք, թէ երբ այս աշխարհի կեանքը անցնի ու վերջանայ, պէտք է մեր ետին մեզմէ յիշատակ մը մնայ` ժառանգութիւն մը, որ պէտք է ապրի եկող սերունդներուն համար:

Գ.- Սուրբերը մեզի կը յիշեցնեն, որ այստեղ` աշխարհէն ներս միայն ուտել ու խմելով ժամանակ պիտի չ՛անցընենք, այլ այստեղ պէտք է պատրաստենք մեր հոգեւոր ապագան, այստեղ պէտք է մղենք ճշմարտութեան ու սրբութեան պաշտպանութեան համար մեր պայքարները եւ այդպիսով նաեւ ներկայանանք Աստուծոյ: Եթէ պարզ ակնարկ մը նետենք մեր ներկայ կենցաղին վրայ, կը տեսնենք, թէ որքան նահանջած ու հեռացած ենք քրիստոնէական արժէքներէն ու հաւատքի սկզբունքներէն եւ` մոռնալով մեր հոգին, սկսած ենք իրական կեանքը չափել մեր առօրեայ վայելքի հասկացողութեամբ, եւ ի խնդիր ժամանակաւոր փառքի, հաճոյքի ու վայելքի, սկսած ենք նաեւ մենք մեզ մսխել ու քայքայել:

Դ.- Անկասկած, իրենց յիշատակին ընդմէջէն, սուրբերը Աստուծոյ ձայնը կը պատգամեն մեզի եւ այդ ձայնը ի վերջոյ պէտք է յաղթանակէ նաեւ մեր ալ կեանքին մէջ եւ մեր ընկերութիւնը առաջնորդէ հոգեւոր բարձունքներու:

«Այսօր, դրամէն ու հացէն աւելի, կարիքը ունինք բարի եւ սուրբ ուժերու, որպէսզի անկումային ներկայ վիճակներէն դուրս բերենք մեր կեանքը: Այսօր, դրամէն ու հացէն աւելի, կարիքը ունինք առաքինութեանց, որպէսզի մեր կեանքէն դուրս վանենք մոլութիւնները եւ աստուածային ճշմարտութիւնները պարզենք ու այդպիսով  սրբութեան շունչով ողողենք մեր շրջապատը: Քրիստոնեային ճամբան պէտք է հետեւի Քրիստոսի կեանքի օրինակին եւ ան, որ Քրիստոսի կենդանի ներկայութեան ճառագայթը ունի իր հոգիին մէջ եւ աչքին դիմաց, ան կրնայ իր կեանքը տանիլ բարձրագոյնին», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Քաղաքական Նախաձեռնութիւններ Շրջափակման Պայմաններում

Յաջորդը

Սթեֆըն Քարի Վնասուածք Ստացաւ

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?