Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ կատարեցին գրաւոր աշխատանք:
Ապագայ լրագրողներուն երէկուան հանդիպումը եղաւ աշխատանքային հանդիպում, որուն ընթացքին անոնք գրեցին լուրեր, պատրաստեցին արագ լրահոսի յատուկ նախադասութիւններ-լուրեր, ինչպէս նաեւ լուրերէն ու յայտարարութիւններէն փորձեցին դուրս բերել կարեւոր միտքեր ու կեցուածքներ, որոնք կ՛արտայայտէին լուրերուն կարեւոր պատգամները:
Ապագայ լրագրողները կատարեալ լրջութեամբ կեդրոնացան իրենց աշխատանքին վրայ եւ յանձնեցին այնպիսի գրաւորներ, որոնք բաւական քաջալերական էին:




