Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը եւ խնամակալութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարեն, որ երկար ամիսներու ժրաջան աշխատանքէ եւ հետապնդումներէ ետք, յաջողած են համաձայնագիր մը կնքել Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատան հետ` քոլեճը օժտելու արեւի ճառագայթով աշխատող սարքով:

«Բագին»-ը` Վաթսունամեայ Յանձնառութեամբ  Ու Նոր Նախաձեռնութեամբ

«Բագին»-ը` Վաթսունամեայ Յանձնառութեամբ Ու Նոր Նախաձեռնութեամբ

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ` «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը, 2022-ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը: Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ գրական կամուրջ հանդիսացած ու աւելի քան վեց տասնամեակ արեւմտահայ դասական ու ժամանակակից գրողները համախմբած «Բագին»-ը, գրական, գրաքննադատական, իմացական ու գեղարուեստական  իր բովանդակութեամբ կը հանդիսանայ նաեւ երիտասարդ մտաւորականութեան եւ նորարար միտքի հարթակ մը: Անցնող տասնամեակներուն բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով «Բագին»-ը հրապարակած է...

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան  35-Ամեակին Առիթով.  Ժողովրդային Ոգեկոչում – Հաւաք`  Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով. Ժողովրդային Ոգեկոչում – Հաւաք` Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ազրպէյճանական ամբոխին կողմէ փետրուար 1988-ին ծրագրուած ու իրագործուած Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակը Պէյրութի մէջ նշուեցաւ պահանջատիրութեան մթնոլորտի մէջ: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) երէկ` կիրակի, 26 փետրուար 2023-ին ժողովրդային ոգեկոչման հաւաք մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` ներկայութեամբ լիբանանահայ համայնքի պետական, յարանուանական,...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  Անդրադարձող Դասընթացք Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 35-Ամեակին Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ օր Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակին առիթով նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Նետերլանտներու, Շուէտի, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ դեսպաններուն: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ ներկայացնելէ ետք արցախահայութեան Հայաստանին միանալու խաղաղ շարժումին Ազրպէյճանի բիրտ ու վայրագ հակազդեցութիւնն ու Արցախի` 1991-ին Խորհրդային Միութեան ներքին օրէնսդրութեան ու անկախ պետութիւն...

«ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Հաւաքները Այն Ապահով Ու Մաքրամաքուր Միջավայրն Են, Ուր Հայ Մանուկը, Պատանին Եւ Երիտասարդը Ամրօրէն Եւ Հայօրէն Կը Թրծուին` Դիմագրաւելու Մերօրեայ Բազում Մարտահրաւէրները»  Հաստատեց Րաֆֆի Կէվօղլանեան

«ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Հաւաքները Այն Ապահով Ու Մաքրամաքուր Միջավայրն Են, Ուր Հայ Մանուկը, Պատանին Եւ Երիտասարդը Ամրօրէն Եւ Հայօրէն Կը Թրծուին` Դիմագրաւելու Մերօրեայ Բազում Մարտահրաւէրները» Հաստատեց Րաֆֆի Կէվօղլանեան

«Հայ Սկաուտի Օր»-ուան Արժանավայել Նշում Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, «Հայ սկաուտի օր»¬ը նշուեցաւ յատուկ տօնակատարութեամբ մը, կիրակի, 19 փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին: Յայտագիրը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ սկաուտական քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային...

Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Ժողովրդային Տօնակատարութիւն

Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Ժողովրդային Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան ժողովրդային տօնակատարութիւնը: Բացման խօսքը արտասանեց Մարիա Աբէլեան, որ յիշելով տօնակատարութեան երեք առիթները` ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի գոյապայքարի հիմնական գրաւականներէն ամենափաստացին Վարդանանց պատերազմն է, որուն ընթացքին հայ ազգը կառչած մնաց քրիստոնէական դարաւոր հաւատքի արմատներուն: Վարդանանց պատերազմին...

«Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Կատարել Թղթակցութիւն Մը»  Եղաւ «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն  Երէկուան Հանդիպումին Նիւթը

«Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Կատարել Թղթակցութիւն Մը» Եղաւ «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Երէկուան Հանդիպումին Նիւթը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ հետեւեցան լրագրութեան ժանրերէն ամէնէն հիմնականը նկատուող թղթակցութեան ժանրին: «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան Ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց այս նիւթը` մանրամասնութիւններ փոխանցելով անոնց: Ն. Բարսեղեան նախ եւ առաջ կեդրոնացաւ թղթակիցին պատշաճութեան, ներկայացուցած կառոյցին հանդէպ յարգանք պարտադրելու վարուելակերպին եւ որեւէ ձեռնարկի պատրաստուած երթալու կարեւորութեան...

«Քեմալական Թուրքիոյ Նպատակը Եղած Է Հայաստանի Ոչնչացումը». Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան

«Քեմալական Թուրքիոյ Նպատակը Եղած Է Հայաստանի Ոչնչացումը». Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան

«Ազդակ»-ի 53-րդ առցանց լսարանի նիւթն էր «Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ քեմալական պայքարի գաղափարաբանական հէնքը, իսկ դասախօսը` ակադեմիկոս, թրքագէտ  փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը դիտել տուաւ, որ պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ վերնախաւի գործելաոճը քեմալական շրջանին, ինչ որ այժմէական նշանակութիւն ունի` ճիշդ ընկալելու համար Հայաստանի նկատմամբ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութիւնը: Փրոֆ. Սաֆրաստեան խօսեցաւ Քեմալի թուրք հասարակութեան ունեցած...

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս.  «Սիրուհի Պուտագեան» Ֆոնտի Հաստատումով «Ազդակ» Կը Վերաձեռնարկէ Մատենաշարի Հրատարակութեան

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Գ. Հատորի Շնորհահանդէս. «Սիրուհի Պուտագեան» Ֆոնտի Հաստատումով «Ազդակ» Կը Վերաձեռնարկէ Մատենաշարի Հրատարակութեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրակազմին, չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2023-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» Գ. հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ  Խրոյեան, որ անդրադարձաւ բանաստեղծութեան ժանրին, ուր տողերն ու նախադասութիւնները կրնան չկէտադրուիլ, անկաշկանդ մնալ, իսկ հոն պարզուած պատկերները նուազագոյն բառերով ամէնէն խորքայինը կրնան արտայայտել:...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Վեհափառ Հայրապետը Գնահատեց «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ Տարուող Մարդասիրական Աշխատանքները Հինգշաբթի, 9 փետրուար 2023-ին, «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութիւնը այցելեց Արամ Ա. վեհափառին` գլխաւորութեամբ հաստատութեան տեսուչ Տաճատ վրդ. Աշըգեանի: Հայր սուրբն ու խնամակալութիւնը լայն զեկոյց տուին կաթողիկոսին` հաստատութեան մէջ իրագործուող աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Ողջունելով տեսուչն ու խնամակալութիւնը` վեհափառ կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ կատարուող մարդասիրական աշխատանքներուն:...

Հաղորդագրութիւն.  Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Հաղորդագրութիւն. Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցի գործունէութեան անբաժանելի մասնիկն է պատանեկան միութիւնը, որ իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն լծուած է կուսակցութեան գաղափարական արժէքներով եւ ազգային դաստիարակութեան ոգիով սերունդներ պատրաստելու աշխատանքին, որ էապէս նպաստած է եւ կը նպաստէ գաղութի պահպանման եւ կառոյցներու գոյատեւման ճիգերուն, Հայ դատի պահանջատիրութեան գործունէութեան, եւ հայութեան ու հայրենիքի ֆիզիքական պահպանութեան պայքարին: Փաստօրէն անցնող 100 տարիներուն հարիւրաւոր պատանիներ, դաշնակցական պատանիի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Վերջին Երկրաշարժի Յառաջացուցած Վնասներուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Վերջին Երկրաշարժի Յառաջացուցած Վնասներուն

Երկուշաբթի, 20 փետրուար 2023-ին, դարձեալ 6,4 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հարաւային Կիլիկիոյ շրջանները, յատկապէս Անտիոքը ու Ալեքսանտրէթը, հասնելով մինչեւ Սուրիա` Քեսապ, Հալէպ, Լաթաքիա: Երկրաշարժին յառաջացուցած ցնցումները Լիբանանի ծովեզերեայ շրջանի բնակիչներէն շատեր մղեցին գիշերը անցընելու իրենց ինքնաշարժներուն կամ աւելի ապահով վայրերու մէջ: Յայտնենք, որ երկրաշարժը ամէնէն շատ վնաս հասցուցած է Քեսապի մէջ: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ տասնեակ մը տուներ մեծ...

Հաղորդագրութիւն.  Լիբանանի Թեմի Ազգային  Երեսփոխանական Ժողովի

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը ուրբաթ, 17 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ գումարեց 2023 տարուան իր առաջին ժողովը` քննելու համար ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի աշխատանքները եւ ընտրելու համար յառաջիկայ երկամեակի Ազգային նոր վարչութիւնն ու Կրօնական ժողովը: Ժողովը բացուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի աղօթքով: Ապա, ժողովականները քննարկեցին անցնող 33 ամիսներուն արտակարգ...

ՋԱՀ-ի Կազմակերպութեամբ`  «Արցախի Կոթողները» Շրջուն Ցուցահանդէսը

ՋԱՀ-ի Կազմակերպութեամբ` «Արցախի Կոթողները» Շրջուն Ցուցահանդէսը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 20 փետրուարին, ընթացք առաւ «Արցախի կոթողները» խորագիրով շրջուն ցուցահանդէսը, որ պիտի այցելէ Լիբանանի տարբեր հայկական վարժարաններ: Ցուցահանդէսին նպատակն է հայ աշակերտութեան ներկայացնել Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող յուշարձանները, եկեղեցիները, կառոյցները: Նկարները կը պատկանին հանրածանօթ մտաւորական եւ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանին: Երէկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ...

«Մենք Ձեզմով Հպարտ Եւ Ուրախ Ենք: Դուք Որքան Ներկայութիւն Դառնաք Մեր Ազգի Կեանքէն Ներս, Մեր Ազգը Եւ Եկեղեցին Աւելի Կը Զօրանայ»  Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մենք Ձեզմով Հպարտ Եւ Ուրախ Ենք: Դուք Որքան Ներկայութիւն Դառնաք Մեր Ազգի Կեանքէն Ներս, Մեր Ազգը Եւ Եկեղեցին Աւելի Կը Զօրանայ» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակի Մեկնարկ  ՀՅԴ Լիբանանի պատենական միութիւններու 100-ամեակի մեկնարկը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն: Շաբաթ, 18 փետրուար 2023-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատանիները, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ վարիչներուն հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին հետ:...

«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական  Բաժանմունքն ու «Ազդակ»-ը  Կը Շարունակեն Համագործակցիլ

«Ռատիօ Վատիկան»-ի Հայկական Բաժանմունքն ու «Ազդակ»-ը Կը Շարունակեն Համագործակցիլ

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի   Պէյրութի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան: Խորհրդակցութիւնը կը վերաբերէր տեղեկատուական խնդիրներուն, հայկական իրադարձութիւններուն «Ռատիօ Վատիկան»-ի լուսաբանումներուն: Ռոպեր Աթթարեան հաստատեց, որ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժինը մեծապէս նկատի կ՛ունենայ «Ազդակ»-ի հրապարակումներն ու նիւթերը եւ զանոնք իբրեւ աղբիւր կ՛օգտագործէ իր լրատուութիւններու ընթացքին: Փոխադարձաբար «Ռատիօ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութիւնը Իր Թեմերով, Կառոյցներով,  Մարմիններով, Իր Բոլոր Կարելիութիւններով  Սուրիահայութեան Հետ Է»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Թեմերով, Կառոյցներով, Մարմիններով, Իր Բոլոր Կարելիութիւններով Սուրիահայութեան Հետ Է»

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հովուապետական Զօրակցական Այցելութիւնը Սուրիահայութեան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին լոյսին տակ, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ հովուապետական զօրակցական այցելութեամբ շքախումբով հասաւ Հալէպ` գօտեպնդելու սուրիահայութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելու անոր: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղօղանջին ներքեւ, վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ.  Մասնակիցները Ծանօթացման Հարցազրոյցի  Պատրաստութեան Եւ Զայն Վարելու Հոլովոյթին

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Մասնակիցները Ծանօթացման Հարցազրոյցի Պատրաստութեան Եւ Զայն Վարելու Հոլովոյթին

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ «Փիւնիկ» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցան «Ազդակ»-ի աշխատակից Քրիստ Խրոյեանի հետ: Հանդիպումին առաջին բաժինով Խրոյեան մանրամասն ձեւով ներկայացուց հարցազրոյցի պատրաստութեան փուլերը եւ տուաւ զայն վարելու ցուցմունքներ եւ խրատներ: Ան նաեւ անդրադարձաւ հարցազրոյցի տարբեր տեսակներուն եւ կառոյցներուն: Հանդիպումին երկրորդ բաժինով Ք. Խրոյեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է...

«Այսօր Վարդանանք Մեզ Կը Հրաւիրեն Իրենց Հաւատքը  Հռչակելու Մեր Կեանքին Մէջ Եւ Յիշելու,  Որ Մենք Մեռնիլ Չգիտցող Ազգի Մը Զաւակներն Ենք»  Շահէ Արք. Փանոսեան

«Այսօր Վարդանանք Մեզ Կը Հրաւիրեն Իրենց Հաւատքը Հռչակելու Մեր Կեանքին Մէջ Եւ Յիշելու, Որ Մենք Մեռնիլ Չգիտցող Ազգի Մը Զաւակներն Ենք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Եւ Նորաշէնի Համանուն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց, նաեւ Նորաշէնի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը սարկաւագութեան աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Արամ եւ Տիգրան Քեպապճեաններուն: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, որ աղօթքով ու երախտիքով կը...

«Իմ Ձայնս Միացնելով Սուրիոյ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու Հաւաքական Ձայնին, Կոչ Կ’ուղղեմ Միջազգային Համայնքին Վերջ Տալու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Եւ Կարելի Փութով Օժանդակելու Սուրիոյ Ժողովուրդի Անհրաժեշտ Կարիքներուն». ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Իմ Ձայնս Միացնելով Սուրիոյ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու Հաւաքական Ձայնին, Կոչ Կ’ուղղեմ Միջազգային Համայնքին Վերջ Տալու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Եւ Կարելի Փութով Օժանդակելու Սուրիոյ Ժողովուրդի Անհրաժեշտ Կարիքներուն». ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կոչը Միջազգային Ընտանիքին՝ Երկրաշարժէն Ետք Սուրիահայութեան Հովուապետական Զօրակցական Այցելութեան Առիթով «Ինծի համար միշտ յատուկ ուրախութիւն եղած է ըլլալ Սուրիոյ մէջ. այն երկրին, որ Ցեղասպանութենէն ետք ընդունեց ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներն ու իր հայրենիքը եւ հացն ու ջուրը բաժնեց իրենց հետ: Աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակները երբեք չեն մոռնար Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած սէրը, վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը...

Page 94 of 365 1 … 93 94 95 … 365

Արխիւներ