Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետը շրջանի բնակչութեան ուղղուած հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց.
Պուրճ Համուտի յարգելի՛ ընտանիքներ եւ բնակիչներ,
Նախ եւ առաջ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ բոլորը ողջ-առողջ են, եւ որ 6 փետրուար 2023-ի առաւօտեան արշալոյսին Լիբանանը հարուածած երկրաշարժի ցնցումները մարդկային ոչ մէկ վնաս պատճառեցին:
Առ այդ, կը յայտնենք, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանութիւնը աշխուժացուց իր շրջուն ջոկատներուն դրութիւնը եւ արտաքին ստուգում մը կատարեց ամբողջ շրջանին համար, ինչպէս նաեւ ստուգեց Պուրճ Համուտի բոլոր փողոցները:
Քաղաքապետարանին կողմէ Ակապիոս, Սիս, Նապաա, Մարաշ եւ Թրատ շրջաններուն մէջ ստուգուեցան կարգ մը հին շէնքեր, որոնք կը կրեն ճեղքեր:
Ի յայտ եկաւ, որ այդ ճեղքերէն ու վնասուածքներէն մաս մը նոր են, իսկ մաս մը հինէն կային արդէն, սակայն երկրաշարժին ցնցումէն ետք աւելի եւս խորացած են:
Քաղաքապետարանը կը հերքէ բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ շրջանին մէջ փուլ եկած է շէնք մը կամ այդ շէնքէն մասեր:
Քաղաքապետարանը իր բոլոր բաժանմունքներով եւ կառոյցներով կազմ ու պատրաստ կը մնայ որեւէ անակնկալի:
Կը մաղթենք, որ բնութեան ու կլիմային ստեղծած այս խիստ պայմաններուն ընթացքին բոլորը զգուշ ըլլան: Յոյսով ենք, որ այս փուլը բարի աւարտ կ՛ունենայ:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ