Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան. Նապաայի Եւ Շրջակայ Թաղամասերուն Մէջ Պիտի Սկսի Ելեկտրական Թելերու Կարգաւորման Արշաւ

February 14, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հրաւէրով երէկ` երկուշաբթի, 13 փետրուար 2023-ին, ՀՅԴ «Արագած» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան կրօնական, քաղաքական եւ ընկերային հեղինակութիւններ` Նապաա, Սիս եւ Ակապիոս թաղամասերէն եւ անոնց շրջակայքէն:

Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցան շրջանին մէջ հիմնական ծառայութիւններուն մակարդակը բարելաւելու, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ թաղամասերուն մէջ ենթակառոյցը բարելաւելու ծրագիրներ:

Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ողջունեց բոլորը եւ ներկայացուց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին երկարաժամկէտ ծրագիրի տեսլականը` շնորհակալութիւն յայտնելով բարգաւաճման եւ ծառայութեան ծրագիրներ ֆինանսաւորող բոլոր միութիւններուն:

Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն` Մ. Պօղոսեան կոչ ուղղեց ներկայ հեղինակութիւններուն զօրակցելու քաղաքապետարանին եւ գետնի վրայ աշխատող միութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջ շրջանի բնակչութեան ծառայել:

Ապա խօսք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ ներկայացուց ծրագիրին մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ անիկա հիմնուած է երեք փուլերու վրայ: «Առաջին փուլը պիտի սկսի 16 փետրուար 2023-ին, «Կաթողիկէ օժանդակութեանց ծառայութեան» եւ «Հեպիթեթ ֆոր հիումենիթի» միութիւններուն ֆինանսաւորումով, իսկ աշխատանքը պիտի գործադրուի «Ուահի եւ մուասաթ» միութեան կողմէ», ըսաւ ան:

Ճ. Գրիգորեան նշեց, որ այս փուլին ընթացքին պիտի դասաւորուին Նապաայի մէջ ելեկտրական թելերն ու ցանցերը, որոնք կ՛ընդգրկեն ելեկտրականութեան, ելեկտրածին շարժակներու, համացանցի եւ արբանեակային կայաններու ծառայութեան թելեր:

«Շուրջ ամիս մը կամ հինգ շաբաթ ետք պիտի սկսի երկրորդ փուլը, որ պիտի ֆինանսաւորուի եւ գործադրուի «Սոլիտերիթի» միութեան կողմէ: Այդ միութիւնը պիտի շարունակէ Նապաայի մէջ սկսած աշխատանքը անոր կից թաղերուն մէջ: Այս աշխատանքներուն պիտի յաջորդեն ճամբաներու կուպրապատումը, մայթերու եւ կոյուղիներու նորոգութիւնները, հասնելով մինչեւ բոլոր թաղերուն լուսաւորումը: Ի վերջոյ, տարբեր նախաձեռնութիւններու շրջագիծին մէջ, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի բնակարանային աղբը նուազեցնելու առումով», հաստատեց Ճ. Գրիգորեան:

«Ուահի եւ մուասաթ» միութեան ճարտարապետ Մահմուտ Ատհիս աւելի ընդարձակ բացատրութիւն մը ներկայացուց գործադրուելիք ծրագիրին տարբեր փուլերուն մասին` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ կատարուած է ուսումնասիրութիւն եւ աշխատանքը պիտի սկսի սերտուած կերպով` ամէնէն աւելի անհրաժեշտ նկատուողէն եւ վտանգաւորէն մինչեւ աւելի նուազ անհրաժեշտ նկատուողն ու վտանգաւորը:

Մահմուտ Ատհիս պատասխանեց նաեւ գործադրուելիք ծրագիրներուն մասին ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:

Խօսք առաւ Նապաայի Ֆարհաթ մզկիթի իմամ շէյխ Զէյտ Ֆարհաթ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին` իր նախաձեռնութեան համար:

Ան հաստատեց, որ շրջանի բնակիչները պիտի զօրակցին ու գործակցին այդ ծրագիրները իրագործելու հոլովոյթին:

Ապա տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում, որուն ներկայ գտնուեցան շրջանին մէջ ելեկտրականութեան, համացանցի եւ արբանեակային կայաններու ծառայութիւններ տրամադրողները` գործադրուելիք ծրագիրներուն մասին յաւելեալ մանրամասն բացատրութիւն տրամադրելու նպատակով:

 

Նախորդը

«Կը Մերժեմ Կառավարութեան Նիստին Մասնակցիլ, Եթէ Քեփիթըլ Քոնթրոլի Օրինագիծը Պիտի Քննարկուի» Շեշտեց Ամին Սալամ

Յաջորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Մեծաշուք Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.