Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատարագ` Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Մէջ

Փետրուար 14, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 12 փետրուարին Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց երկար տարիներ մատրան ծառայող, դպրապետ Վարդգէս Ղազարեանին:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում կատարեց Պետրոս առաքեալի գրած առաջին նամակէն, որ ուղղուած էր Փոքր Ասիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան կողմերը գտնուող քրիստոնեաներուն, եւ որուն մէջ կ՛ըսէր. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը` իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես, իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ»: Սրբազան հայրը բացատրեց, որ նամակին գլխաւոր նպատակն է քաջալերել ընթերցողները, որ արթուն եւ պատրաստ ըլլան ընելու այն, ինչ որ հարկաւոր է, որպէսզի իրենց հաւատքը պաշտպանեն եւ այդպիսով աշխարհին վրայ ամրացնեն  Քրիստոսի ժայռին վրայ հաստատուած եկեղեցին, աւելցնելով, որ առաքեալին մտածումները այսօր մեզի կը յիշեցնեն, թէ պէտք չէ մոռնանք, որ եկեղեցին հաւատացեալներու բազմութիւնն է, այն ժողովուրդը` որ հաւատքի կեանքը կ՛ապրի ու այդ կեանքը պաշտպանելու ու տարածելու համար ալ, իր մասնակցութեամբ ու իր նուիրումով,  միջոցներ ու պայմաններ կը ստեղծէ:

Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ հաւատացեալը միայն պիտի չտպաւորուի եկեղեցւոյ շէնքով, զարդարանքներով, շարականներով, պաշտամունքի արտաքին տարրերով, այլ այդ բոլորով պէտք է կարենայ իր հաւատքին մէջ ամրանալ եւ իր կարողութիւններն ու շնորհքները հասարակաց բարիքին ընծայելով` պէտք է առիթ ընծայէ, որ եկեղեցին` իբրեւ հաւատքի տաճար եւ աշխարհի վրայ ծառայական առաքելութիւն, աճի ու առաւել եւս ամրանայ :

«Եկեղեցին միայն շէնք չէ, այլ` հաւատքի ձգտում ունեցող ժողովուրդի ամբողջութիւն, որ բանիւ եւ գործով կը ջանայ աստուածային ճշմարտութիւնները պաշտել ու քրիստոնէական արժէքներու վրայ հիմնուած կեանք ստեղծել աշխարհին վրայ: Եւ այդ աշխատանքին մասնակից պէտք է ըլլան եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք կը գիտակցին, թէ կեանքին մէջ բաներ կան, որոնք` իբրեւ արժէք ու սրբութիւն, պէտք է կառուցուին ու պաշտպանուին մեր աշխատանքով ու համայնական նուիրումով», շեշտեց սրբազան հայրը եւ խօսքը ուղղելով նորընծայ կիսասարկաւագին` յորդորեց զայն, նաեւ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, որ գործօն մասնակցութեամբ, իրենց ունեցած ուժն ու համեստ կամ մեծ շնորհքներն ու կարողութիւնները եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործին միացնելով, հաւաքական ճիգով ամրանան ու զօրացնեն եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Սրբազանը հաստատեց, որ ներկայիս մեզի պէտք են` դպիրներ ու դպրապետներ, հոգեւոր դաստիարակներ, սարկաւագներ, տիպար քարոզիչներ եւ իրենց հօտը ապահով արօտավայր առաջնորդող հոգեւոր հովիւներ, եւ այս բոլորը երկինքէն պիտի չյայտնուին, այլ` մեր ժողովուրդի ծոցէն, մեր արժանաւոր ու նուիրեալ զաւակներուն շարքերէն:

Եզրափակելով իր պատգամը` սրբազան հայրը յորդորեց բոլորը աղօթելու, որ Աստուած իր շնորհքը առատացնէ բոլորին վրայ եւ մեր կեանքին մէջ բազմանան սիրոյ, ծառայութեան եւ նուիրումի արարքները: Աղօթելու, որ Հայ եկեղեցւոյ խորանին վրայ մնան անոնք, որոնք ընդունակ են ամէն տեսակ զոհաբերութեան, նաեւ, որ Աստուած իրենց հաւատքին մէջ վերանորոգէ բոլորը, մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն շարքերը ճոխացնէ, որպէսզի մենք մեր արդար աշխատանքովն ու նուիրումով, մեր եկեղեցիներուն մէջ շարունակաբար մեր հայրերուն հարազատ հաւատքն ու նուիրական սրբութիւնները պահենք:

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան մատրան մեծ ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր եզակի այցելութեան համար Ռաուտայի շրջան` վստահեցնելով, որ այս այցելութիւնը իրենց պիտի շնորհէ ուժ եւ կորով, որպէսզի շարունակեն իրենց ծառայութիւնը եւ իրենց աշխատանքները դնեն ի սպաս ժողովուրդին ու շրջանի ընտանիքներուն: Քահանայ հայրը յոյս յայտնեց, որ նման այցելութիւններ կրկնուին, որպէսզի վերաշխուժանայ շրջանը:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Բնական Աղէտն ու Ընտրական Հաշիւները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?