Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Եկեղեցիներուն Մէջ

April 12, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն նախագահեց Լիբանանի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

«Ով, որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ով, որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»: Այս խօսքերով սկսաւ սրբազան հայրը իր քարոզը եւ յայտնեց, որ Քրիստոսի կողմէ արտասանուած այդ պատգամը այսօր ուժգնօրէն կ՛արձագանգէ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւ մեզ կը յիշեցնէ, որ մարդ իր նկարագիրով եւ իր վարուելակերպով ընտիր պէտք է ըլլայ Աստուծոյ համար: Բացատրելով իր քարոզին սկիզբը արտասանած խօսքերը` առաջնորդը ըսաւ. «Ան, որ ինքզինք կը բարձրացնէ, այսինքն ուրիշէն տարբեր, աւելի ընտիր կը համարէ ինքզինք, անպայմանօրէն կեանքի փորձառութեան ընթացքին պիտի խոնարհի, եւ պիտի նուազի իր արժէքը իր ենթադրածէն, բայց ով, որ ինքզինք խոնարհեցնէ, Աստուծմով պիտի բարձրանայ եւ ոչ միայն այս կեանքին գագաթները նուաճէ, այլ` հասնի Աստուծոյ շնորհներուն»:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը բացատրեց, որ մեր եկեղեցին իր կարգ ու բարքին մէջ ոչ միայն պահած է Վերջին ընթրիքի պահուն Քրիստոսի կողմէ կատարուած ոտնլուայի արարողութիւնը, այլեւ այդ առիթով երկու հիմնական ճշմարտութիւններ` նոյնիքն Քրիստոսէ քաղուած, որոնք փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին: Ա) Պատմութեան ընթացքին Աստուած մարդուն մօտենալու համար աներեւակայելի քայլ մը առաւ: Ան երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ, որպէսզի իր խոնարհելով` նաեւ իրեն հետ բարձրացնէ մարդը եւ զայն տանի աստուածային ճշմարտութիւններուն: Բ) Իր երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին Քրիստոս անակնկալ կերպով երկրորդ կարեւոր քայլ մը առաւ մարդուն մօտենալու համար: Ան ծունկի եկաւ իր աշակերտներուն առջեւ եւ անոնց ոտքերը լուաց, որպէսզի այդ խոնարհութեան արարքին ընդմէջէն մարդուն ցոյց տայ դէպի Աստուած տանող ճշմարիտ ճամբան, ինչպէս նաեւ` մարդուն ցոյց տալու, թէ Աստուած որքան կը սիրէ մարդը: Շահէ արք. նշեց, որ այսօր մեր եկեղեցին խոնարհութեան եւ սիրոյ երկու սրբազան արժէքներ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, որպէսզի մենք անոնցմով փորձենք մեր կեանքը բարեւալել, սրբագրենք մեր մէջ բոյն դրած սխալներն ու վրիպումները եւ վերադառնալ այն կեանքին, որուն մէջ կ՛ուզէ մեզ տեսնել Աստուած:

«Պա՛րզ, անցողակի կերպով չնայինք Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն, այլ զանոնք դիտենք մեր կեանքին համար մեր Տիրոջ կողմէ մեզի տրուած ուսանելի օրինակներ, որպէսզի մենք մեր կեանքը պատշաճեցնենք մեր Տիրոջ կեանքի եղանակին եւ այդ ձեւով պահենք մեր ընտանիքը, մեր համայնքը, մեր շրջապատը եւ բոլորս միասին դէպի Աստուած ուղղենք մեր քայլերը, որպէսզի իր շնորհքը եւ սրբութիւնը առատանան մեր կեանքէն ներս», եզրափակեց սրբազան հայրը:

– Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը հաստատեց, որ հսկումի սոյն պահը լաւագոյն առիթն է Պօղոս առաքեալի բերանով հռչակելու, թէ Քրիստոս նոյնն է միշտ` երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Ան դիտել տուաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան որ կեանքի մէջ տեսակաւոր կացութիւններ կան բոլորիս համար, պարտինք անդրադառնալ, թէ բոլոր պարագաներուն` մութ կամ լոյս վիճակներու մէջ, տխուր կամ ուրախ կացութիւններու առիթով միշտ մեզի հետ ունինք զԱստուած, որ մեզի համար մարդացաւ, չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, նաեւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզ տանի իր անմահական կեանքին: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ երբ մտածենք մեր Տիրոջ վերջին պահերուն մասին, միայն անցեալը չմտաբերենք, այլ մեր ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացնենք մեր այսօրուան կեանքին վրայ, որուն մէջ Աստուած ներկայ է եւ պէտք է ըլլայ մեր կողքին, որպէսզի մենք սայթաքելով չխորտակուինք: Ան յայտնեց, որ մեր Տէրը` Քրիստոս, ճաշակած ըլլալով երկրաւոր կեանքի բոլոր պայմանները, իր հարազատներուն ինքզինք պարզելով` կ՛ըսէ. «Աշխարհէն ներս դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»: Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ այս բառերը ուժգնութեամբ պէտք է արձագանգեն մեր սիրտերէն ներս, որպէսզի մեր ապրած տեսակաւոր տագնապներուն եւ դժուարութիւններուն դիմաց մենք եւս քաջալերուինք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է: Մեզի հետ էր երէկ, մեզի հետ է այսօր եւ մեզի հետ է յաւիտեան: «Քաջալերուինք, որպէսզի երկնային ճշմարտութիւնները ճառագայթեն մեր անձերուն մէջէն: Քաջալերուինք, որպէսզի Աստուծոյ պատգամը փոխանցենք տագնապահար մեր աշխարհին: Քաջալերուինք, նաեւ քաջալերենք մեր շրջապատը` յիշեցնելով, որ թէեւ մեր ապրած աշխարհէն ներս կայուն բան չկայ, այլ սակայն մեր Տէրն ու Փրկիչը հաստատ է իր խոստումին մէջ, մեզի հետ է մեզ տանելու համար իր անմահական փառքին ու պարգեւներուն», հաստատեց սրբազան հայրը` յորդորելով ներկաները աշխարհի հարցերով եւ հոգերով ծանրաբեռնուած իրենց հոգիներուն մէջ հաստատօրէն ճշդելու Քրիստոսի տեղը եւ Իրմով լուսաւորուելու, նաեւ քաջալերուելու, որպէսզի իրենք ալ յաղթական դուրս գան իրենց կեանքի պայքարին մէջ` ընդդմիշտ կարենալ փառաւորելու համար Քրիստոսի անմահ անձը:

– Աւագ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոս իր թաղումին ժամանակ, մերօրեայ հասկացողութեամբ, հանդիսաւոր եկեղեցական ու աշխարհիկ պատիւներու չարժանացաւ, սակայն մենք Աւետարանի ճամբով գիտենք, որ Յիսուս ոչ միայն արժանացաւ թաղումի, այլ ունեցաւ իր սեփական գերեզմանը, որ դարերու ընթացքին ոչ միայն յայտնի դարձաւ բոլորին, այլ նաեւ ներշնչում տալով բիւր բիւրաւորներու` վերածուեցաւ ուխտատեղիի, որ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհին ուշադրութեան կեդրոնն է նաեւ այսօր: Սրբազան հայրը բացատրեց, որ պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ ուխտատեղիները պատահականօրէն կամ դիպուածով չեն շինուիր, այլ ուխտատեղիներու կեանքին շունչ տուողը մարդու հաւատքն է, եւ ուխտատեղիները նուիրականացնողը ժողովուրդին հաւատաւոր ու հաստատ կամքն է: «Այս հաւատքն է, որ այսօր մեզ նաեւ կը հաւաքէ այս սրբավայրէն ներս, որպէսզի մեր հոգիի նայուածքը ուղղելով դէպի Քրիստոսի գերեզմանը` ոգեւորուինք եւ մեր մասնակցութեամբ նաեւ ոգեւորութիւն բերենք մեր հոգեւոր կեանքին ու ամրացնենք մեր եկեղեցին, որ մեր սեփական ուխտավայրն է, ուրկէ կը սպասենք ստանալ Ս. Յարութեան աւետիսը», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ ներկայիս մեր ընկերութեան կեանքին մէջ շեղումներ շատ կան եւ հին օրերու հաւատքն ու օրհնութիւնը նօսրացած են եւ ոմանք դարձած են անտարբեր: Սակայն կայ նաեւ մեր հաւատաւոր եւ աւանդապահ ժողովուրդը, որ մեր եկեղեցին ուխտավայրի վերածած` վճռակամութեամբ փարած է անոր փրկաւէտ աշխատանքին եւ իր ծառայութեամբ զայն կը պահէ կենդանի, որպէսզի այդպիսով նաեւ կենդանի մնայ մեր համայնական ու հոգեւոր կեանքը:

Սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին հաւատալիքները այսօր մեզի կը թելադրեն գերեզմանի խաւարին նայիլ, բայց` այդ խաւարին մէջ բոցկլտացող կայծեր ու լոյսի ճառագայթ նշմարելու համար: Հետեւաբար, եթէ կարենանք մեր աղօթքով այսօր մեր եկեղեցւոյ մէջ զգալ, որ մեզ սիրող Տէրը նաեւ ինքզինք ընծայաբերեց մեզի համար, այն ատեն վստահաբար պիտի յաջողինք նաեւ մեր սեփական կեանքով ու նուիրումին ընդմէջէն Աստուծոյ սէրը ճառագայթել մեր շրջապատէն ներս:

Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին` շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:

– Շաբաթ, 8 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ մեր հորիզոնը ամպամած է, մեր կեանքը ենթակայ է տեսակաւոր դժուարութիւններու, մեզմէ շատեր վաղուան հեռանկարը կորսնցուցած են, բայց կը շարունակեն հաւատքով նայիլ Աստուծոյ եւ սպասել իր հրաշագործ ներկայութեան մեր կեանքին մէջ: «Մենք հաւատանք կամ ոչ` մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առաւ: Մենք հաւատանք կամ ոչ` կեանքը իբրեւ աստուածային պարգեւ կը մնայ անմահ: Անոնք, որոնք այս աշխարհի սահմանափակ վիճակէն անդին, նաեւ կրնան հաւատքով նշմարել գերագոյն իրականութիւն մը, վստահաբար անոնք կը ժառանգեն անմահութեան պարգեւը», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ Ս.  Յարութեան տօնը անցեալի յիշատակութիւն չէ, այլ` մեր ներկայի կեանքին մէջ յարութեան աւետիսը զետեղելու ճշմարիտ ճիգ է: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ պէտք է ձգտինք հաւատքով նոր եռանդ, նոր աշխուժութիւն, նոր տեսիլք զետեղել մեր կեանքի իրականութեան մէջ` աւելցնելով, որ անհատապէս բոլորս ալ տկար ենք այդ բոլորը իրականացնելու համար, բայց զԱստուած մեզի հետ ունենալու իրողութիւնը պէտք է խրախուսէ մեզ նոր կեանքի մը համար եւ առիթ ընծայէ, որ մենք զմեզ նորոգելով նաեւ կարենանք նորոգել մեր շրջապատը:

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, սրբազան հայրը  մաղթեց, որ Յարուցեալին օրինակը նաեւ կենդանի օրինակ ըլլայ իւրաքանչիւրիս համար, իսկ այն եռանդը, որ Քրիստոսի առաքեալները ապրեցան Իր յարութենէն ետք, նաեւ զետեղուի մեր առօրեային մէջ, որպէսզի մենք ալ կերպարանափոխուինք, մէկդի դնենք մեր կեանքին մէջ բոյն դրած վախն ու  յուսահատութիւնը եւ դառնանք առաքեալներուն օրինակով նոր արարածներ, որոնց նոր շունչ եւ նոր եռանդ պարգեւեց մեր Տէրը` Իր փրկաւէտ Աւետարանին գործը շարունակելու համար: Պատարագի աւարտին սրբազան հայրը օծեց Եունես ընտանիքի անդամներուն կողմէ իրենց մօր` Քնարիկ Գլըճեան-Եունեսի յիշատակին նուիրուած սրբապատկերը:

Նախորդը

Աւագ Շաբաթը Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Յաջորդը

«Վա՛յ Անոր, Որ Դժուարութեան Պահերուն Չի Լսեր Տիրոջ Խաղաղեցնող, Յուսադրող Ու Ոգեւորող Ձայնը». Շահէ Արք. Փանոսեան

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.