Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Այցելութիւնը «Զուարթնոց» Կեդրոն

April 12, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնը մեծ ուրախութեամբ ընդունեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանը, Լիբանան այցելութեան ժամանակ, ընկերակցութեամբ  Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Ֆրեզնոյէն եկած բժիշկներ եւ կամաւորներ:

Առաքելութիւնը ընդունուեցաւ կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեանի կողմէ:

Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ կեդրոնի զանազան բաժանմունքներուն մէջ, ականատես եղաւ կատարուող աշխատանքներուն, հանդիպեցաւ աշակերտներուն եւ ծնողներուն հետ:

Գոհունակութիւն եւ բարձր գնահատանք արձանագրելով կատարուող մասնագիտական եւ լուրջ աշխատանքին նկատմամբ, պատուիրակութիւնը նիւթաբարոյական օժանդակութիւն տրամադրեց «Զուարթնոց» կեդրոնին:

Ապա քննարկելէ ետք կատարուած աշխատանքները, դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան կողմէ Պերճ Աբգարեան խոստացաւ ապագայի գործակցութեան ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութիւնը, յաւելեալ գործնական եւ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար կեդրոնին:

Այս առիթով, Վարդինէ Օհանեան բարձր գնահատեց Պերճ Աբգարեանը եւ անոր  առաքելութիւնը, որ երկրորդ տարին ըլլալով նիւթաբարոյական մեծ ներդրում ունեցաւ Լիբանանի հայութեան բժշկական-մարդասիրական դժուարութիւնները թեթեւցնելու համընդհանուր ճիգին մէջ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին կատարած մասնագիտական օժանդակութեան համար: Հայկական ընկերաբժշկական կեդրոններու, դարմանատուներու եւ «Թռչնոց բոյն»-ին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայութեան տագնապալի այս օրերուն երկարած  օժանդակութեան ձեռքը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան ծառայական անխտրական ոգին:

«Զուարթնոց» կեդրոնը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Պերճ Աբգարեանին եւ բժշկական առաքելութեան բոլոր կամաւորներուն:

 

Նախորդը

Ֆրեզնոյէն Ժամանած Բժիշկները Դպրեվանք Այցելեցին

Յաջորդը

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աշակերտներու Ոտնլուայ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.