Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւային Վահանակներու Բացման Արարողութիւն

Ապրիլ 13, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ ներդրումով Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, ուրբաթ, 31 մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնի արեւային վահանակներու բացման արարողութիւնը:

Ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շէյ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան,  նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան,  Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան նախագահ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ԼՕԽ-ի յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու ատենապետներ, բարեսիրական հաստատութիւններու տնօրէններ եւ պաշտօնական հիւրեր:

Վահանակներու բացման արարողութենէն ետք «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տնօրէն  Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտութիւն յայտնեց ծրագիրը եւ արարողութիւնը հովանաւորող Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին եւ բարերար ու նուիրատու Ֆրեզնոյի հայ բժիշկներուն եւ համայնքին:

Ան նշեց, որ կեդրոնը արեւային վահանակներով օժտելու այս քայլը իրագործուեցաւ շնորհիւ Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի հետեւողական ճիգերուն: Սոյն ծրագիրի գործնականացումը ապացոյց մըն է, որ լիբանանահայութիւնը առանձին չէ, կողքին կանգնած են սփիւռքի քոյր գաղութի մը զաւակները, որոնք կը տագնապին Լիբանանով, կը զօրակցին լիբանանահայութեան եւ կեդրոնին կը ցանկան լաւագոյնն ու արդիականը:

Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ ծրագիրի իրագործման ետին կանգնած անհատներուն:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ծրագիրը ներկայացնող տեսերիզ մը:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ  Սիլվա Սապունճեան: Ան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի կնոջական այս հսկայ կազմակերպութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ կոչուած է կենսական դեր խաղալու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Շրջանային վարչութիւնը իր «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնով կը ձգտի հասնիլ ժողովուրդի ընկերային, տնտեսական, կրթական եւ առողջապահական կարիքներուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, որ Լիբանանի այս տագնապալի օրերուն, երկրորդ տարին ըլլալով, կը ներկայանայ եւ անվճար քննութիւն կը կատարէ կեդրոնէն ներս,  ինչպէս նաեւ` Ֆրեզնոյի հայ համայնքին, որ կեդրոնը արեւային վահանակներով օժտելու ծրագիրի իրականացման մէջ իր ներդրումը ունեցաւ:

«Արաքսի Պուլղուրճեան»  կեդրոնին անունով անգլերէն լեզուով խօսքը արտասանեց կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Մելեքեան: Ան ըսաւ, որ 1987 թուականին հիմնուած կեդրոնը կ՛օժանդակէ լիբանանցի եւ ոչ լիբանանցի բոլոր պարագաներուն, առանց խտրականութեան: Կեդրոնը իր աշխատանքները կը շարունակէ շնորհիւ կամաւորներու եւ բարերարներու աջակցութեան, որոնք միշտ մեզի թիկունք են, փաստը այսօրուան ծրագիրի իրագործումն է:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ եզրափակեց իր խօսքը ըսելով.

«Միասին հանդիպիլը սկիզբն է, միասին մնալը` յառաջընթաց, իսկ միասին գործակցիլը` յաջողութիւն»:

Բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեան խօսք առնելով իւրայատուկ եւ պատմական համարեց օրը եւ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու քոյրերն ու եղբայրները հոգիով ներկայ են եւ հոգիով կը գործակցին մեզի հետ: Ան նշեց, թէ մեծ հաճոյք եւ ուրախութիւն կը զգայ, որ սոյն ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ այսօր: Ապա շարունակեց` ըսելով, որ Ֆրեզնոյի  բժշկական պատուիրակութիւնը կու գայ ծառայելու, առանց շնորհակալական խօսքերու եւ գնահատանքի ակնկալութեան:

Ապա Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շէյը արտասանեց իր սրտի խօսքը:

Տորոթի Շէյ ուրախութիւն յայտնեց սոյն հանդիսութեան ներկայ ըլլալուն համար, որովհետեւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին տարած աշխատանքը բարեսիրական աշխատանք է: Ան դրուատեց կեդրոնի ժրաջան գործունէութիւնը, գնահատեց Ֆրեզնոյի պատուիրակութեան աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կամաւորներուն ու բժշկական առաքելութեան մէջ եղող բոլոր անհատներուն:

Այնուհետեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան շնորհաւորեց համայնքը այս եզակի իրագործումին առիթով, յիշեցուց, որ Լիբանանի մէջ կեանքը անորոշութիւններով խճողուած է, սակայն կան որոշ իրականութիւններ, որոնց մասին հարկ է խօսիլ: Ան մատնանշեց այն իրականութիւնը, որ կառոյցներ, կազմակերպութիւններ, հաստատութիւններ կը շարունակեն նուիրումով աշխատանք տանիլ` ի սպաս մեր ժողովուրդին: Այս տան մէջ եզակի աշխատանք կը տարուի ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակները ոտքի պահելու տենչով: Ան եզրափակեց` ըսելով. «Աստուած օրհնէ բոլոր այն բարերար ձեռքերը, որոնք աջակից կը մնան մեզի, բոլոր վաստակեալները, որոնք իրենց քրտինքովը եւ հաւատքովը աշխատանքը շարունակելու պատճառ եւ եռանդ կը զետեղեն մեր կեանքէն ներս: Աստուած պահէ մեր ժողովուրդը եւ մեր երկիրը: Մաղթենք, որ կարիքները նուազին եւ միշտ աղօթենք, որ ծառայող եւ նուիրաբերող անձերը առատանան մեր կեանքէն ներս, որպէսզի հասկացողութեամբ շարունակենք ապրիլ մեր կեանքը, մեր ազգային, սեփական, ընտիր արժէքներով եւ աւանդով»:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը` իբրեւ երախտագիտութիւն, այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց առաքելութեան նախագահին:

Ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Հայոց Պահանջատիրութեան Եւ Ճակատագրակից Ժողովուրդներու Հետ Համերաշխութեան Արտայայտութիւն` Ֆութպոլի Դաշտերէն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. «Բագին»-ի Գրական Ժառանգութիւնը` Թուայնացած ու Առցանց Հասանելի

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?