Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշակերտական Գեղարուեստական Երեկոյ` «Մենք Ենք Մեր Արցախի Գարունը»

April 20, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական կարգերու աշակերտները ծաղկեցուցին արցախեան գարունը` գեղարուեստական նրբաճաշակ համադրութեամբ` երգով, պարով ու ասմունքով:

Հանդիսութեան ներկայ էին Վարուժան արք. Հերկելեան, Այնճարի քաղաքապետը, Թեմի ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, ազգային երեսփոխանը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, վարժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարեկամներ ու ծնողներ:

Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեցին օրուան հաղորդավարներ Լիլի Գապաքեան (Ժ. դասարան) եւ Աշոտ Գարագաշեան (ԺԱ. դասարան), որոնք ողջունեցին ներկաները եւ անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրեցին բեմին վրայ մատուցուելիք աշակերտական գեղարուեստական «Մե՛նք ենք մեր Արցախի գարունը» երեկոյի թեմային եւ պատգամին վրայ:

Նախակրթարանի Դ.-Ե.-Զ. դասարաններու երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նայիրի Հապէշեանի, ներկայացուց չորս երգեր` «Կեանքի ճանապարհ», «Մարտում», «Իմ Արցախ» եւ «Հայոց բանակ», որոնք գնահատուեցան ներկաներու ջերմ ծափահարութեամբ:

Այնուհետեւ բեմը յանձնուեցաւ Ա.-Բ. դասարաններու պարախումբին, որ ներկայացուց «Քոչարի»-ն, իսկ Է.-Ը. դասարանի պարախումբը` «Ծաղկեփունջ»-ը (պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Ժիրօ Քեչէճեան):

«Քելէ՛ Լաօ» ասմունքով հանդէս եկաւ Աշոտ Գարագաշեան, իսկ երկրորդականի նորակազմ նուագախումբը (դաշնակահար` Նազէ Այնթապեան, ջութակահար` Փաթիլ Թասլաքեան, սրինգ` Ալեակ Գույումճեան, մենակատարներ` Մաթիլտա Գէօհիւլեան, Լիւսի Հերկելեան, Գետակ Այնթապլեան, կիթառ` Լարա Շէրպէթճեան, տհոլ եւ մենակատար` Արիա Աբրահամեան) գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Վրէժ Հաճեանը, աւելի եւս ծաղկեցուց բեմը իր մատուցած «Գարունա», «Ախպերս ու ես», «Նարէ-Նարէ», «Պինկէօլ» երգերու մեկնաբանութեամբ:

Ժ. դասարանի աշակերտ Լիլի Գապագեան մեներգեց «Պիտի պաշտպանեմ» հայրենասիրական երգը, որուն յաջորդեց պարերու շարք մը` Գ.-Դ., Ե.-Զ. եւ Թ.-ԺԱ. դասարաններու պարախումբերու կատարումով, հետեւեալ յաջորդականութեամբ` «Կէօվենդ», «Պարմանի» եւ «Շալախօ»:

Յայտագիրի ընթացքին հաղորդավարները մերթ ընդ մերթ իրենց արտասանած ելոյթներով յատուկ փայլք տուին գեղարուեստական մատուցումին` արցախեան գարունով ու զարթօնքով պարուրելով ներկաներուն հոգիները:

Աւարտին, Վարուժան արք. Հերկելեան` բարձր գնահատելով կազմակերպուած ձեռնարկը,  մաղթեց, որ այս «գարունը» վարակէ բոլորը եւ համահայկական տարողութիւն ու ուժգնութիւն ստանայ. հանդիսութիւնը  փակուեցաւ «Պահպանիչ»-ով, եւ ներկաները գոհունակ մեկնեցան սրահէն:

Նախորդը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Աշակերտական Ունկնդրութիւններ` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.