Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հիւրին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան: Խորհրդակցութեան ընթացքին վեր առնուեցան բժշկական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերող քանի մը կարեւոր կէտեր: Նախ նշուեցաւ այն, որ առաքելութիւնը կը յատկանշուի իր գործունէութեան շարունակականութեամբ: Անցեալ տարի 7 բժիշկներ ներառած  գործուղումը այս տարի...

Ծաղկազարդի Եւ Ս. Յարութեան Տօներուն Առիթով Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Հաւաք

Ծաղկազարդի Եւ Ս. Յարութեան Տօներուն Առիթով Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Հաւաք

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, շաբաթ, 1 ապրիլ 2023-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան զոյգ տօներուն առիթով փոքրերու յատուկ յայտագիր` ներկայութեամբ կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի, վարիչ մարմինին անդամներուն, ուսուցիչներուն, տեսչական կազմերուն եւ կիրակնօրեայ վարժարաններէ շուրջ 250 աշակերտներու:...

Դռնբացէքի Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Դռնբացէքի Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Եւ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 2 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան, երկու միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ եւ «Բա՛ց մեզ, Տէ՜ր» շարականի երգեցողութեամբ թակեց դէպի Քրիստոս տանող դուռը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի Ս. խորանին վարագոյրը: Օրուան խորհուրդը պարփակող շարականներու երգեցողութեան աւարտին սրբազան հայրը հաւատացեալներուն փոխանցեց տօնին պատգամը: Ան ըսաւ, որ  եկեղեցական արարողութեանց ճամբով հաւատացեալը իր...

Հազարաւոր Ժողովուրդով Անթիլիասը Ծաղկազարդուեցաւ

Հազարաւոր Ժողովուրդով Անթիլիասը Ծաղկազարդուեցաւ

Նաեւ` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Երէկ` կիրակի, 2 ապրիլ 2023-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի Երուսաղէմ հանդիսաւոր մուտքի յիշատակին` հաստատելով, որ իւրայատուկ այս տօնին առիթով մենք ալ հայ եկեղեցւոյ սովորութիւններուն ու աւանդութեան համապատասխանող...

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Չորեքշաբթի, 29 մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, դաշնակցական մտաւորական գործիչ Վազգէն Էթիեմեզեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով կայացաւ յիշատակի երեկոյ, որուն ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ անոր գրիչին պատկանող «Շաբթուան մտածումը» գիրքին շնորհահանդէսը: Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Տօնիկ Տօնապետեան,որ դիտել տուաւ, թէ ձեռնարկին նպատակն է ոչ միայն դաշնակցական մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիր եւ կրթական...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ

Հաղորդագրութիւն. 37.900 Ամ. Տոլար` Ի Նպաստ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Սաներու Ֆոնտին

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան հետ համախորհուրդ, 2022-2023 կրթական տարեշրջանի սկիզբը` Լիբանանի ապրած  ներկայ սուր ճգնաժամին մէջ ծնողներու նիւթական պարտաւորութիւնները թեթեւցնելու, նորահաս սերունդը մշակութային դաստիարակութենէն ու կազմաւորումէն չզրկելու, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի դպրոցներու դասախօսական կազմերը մասնագիտական ու որակական բարձր մակարդակի վրայ պահելու առաջադրութեամբ, երկար քննարկումներէ ետք կատարեց պիւտճէական յստակացումներ, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան ներկայ ժամանակներուն պատշաճող խորհրդանշական կրթաթոշակներ: Այս բոլորը...

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լրագրութեան Մէջ Լուսանկարին Դերակատարութեան

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Լրագրութեան Մէջ Լուսանկարին Դերակատարութեան

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ծանօթացան լրագրութեան մէջ լուսանկարին դերակատարութեան: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լուսանկարչական անձնակազմի անդամ Արամ Սոմունճեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց լուսանկարին արժէքը, լուսանկարչութեան տեսակները, նկարելու հիմնական յատկանիշները, ինչպէս նաեւ օգտագործուելիք յատկանիշները: Ա. Սոմունճեան իր շեշտը...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Անդրանիկ Ժողովի Գումարման 100-Ամեակին Առիթով.  Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ Պատանեկան Միութիւններու Դիւաններու Խորհրդանշական Ժողով

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Անդրանիկ Ժողովի Գումարման 100-Ամեակին Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ Պատանեկան Միութիւններու Դիւաններու Խորհրդանշական Ժողով

25 մարտ 1923-ին Ս Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գումարուած է ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան անդրանիկ ժողովը: Այս առիթով եւ ճիշդ 100 տարի ետք, շաբաթ, 25 մարտ 2023-ին միեւնոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու դիւաններու խորհրդանշական ժողովը: Դաշնակցութեան քայլերգի երգեցողութենէն ետք ժողովին բացումը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Զարեհ Պոյաճեան, որ նշեց, թէ...

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

ՍՈՆԻԱ ՍԻՍԼԵԱՆ Կիրակի, 12 մարտ 2023-ի երեկոյեան Պէյրութի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ շքադրումի հանդիսութիւն     ` ներկայիս հայ աւետարանական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու, որոնք վերջերս ամբողջացուցած էին քսանհինգամեայ կրթական ծառայութիւն, որուն առնուազն տասնհինգամեայ վաստակը` աւետարանական վարժարաններու մէջ: Մեծարանքի այս հանդիսութիւնը ծրագրուած էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Կրթական խորհուրդին կողմէ եւ կը վայելէր ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինին...

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Երէկ` չորեքշաբթի, 29 մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ` դաշնակցական մտաւորական գործիչ Վազգէն Էթիեմեզեանի ծննդեան 80-ամեակին առիթով: Բացման խօսքը արտասանեց Տօնիկ Տօնապետեան, ցուցադրուեցաւ Վազգէն Էթիեմեզեանի կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ, Սեւակ Քենտիրճեան կարդաց Էթիեմեզեանի յօդուածներէն մէկը, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ներկայացուեցաւ նոր լոյս տեսած «Շաբթուան մտածումը» գիրքը: Վիգէն Աւագեան...

Համազգայինի Կազմակերպութեամբ  Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք

Համազգայինի Կազմակերպութեամբ Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, շաբաթ, 25 մարտին «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 9 վարժարաններէ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ  Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Ղեկավար Ժըպրան Պասիլը

28 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը ընկերակցութեամբ՝ պատուիրակութեան մը : Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Քննարկումները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վրայ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Պասիլ կատարեց Թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Արամ Ա. կաթողիկոսին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Երկուշաբթի, 27 մարտ 2023-ի առաւօտուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց Լիբանանի այժմու կացութեան, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցերու:

ԶՈՄ-ԶՈԳ.  Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

ԶՈՄ-ԶՈԳ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

«Չկայ աշխարհում աւելի կրթիչ օրինակ, քան` գործերի կենդանի օրինակը»: ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Իւրաքանչիւր աշակերտ, որ կը գտնուի երկրորդական կարգը աւարտելու սեմին, իր մէջ ապագայ ասպարէզ ընտրելու մտահոգութիւն մը կը ծնի: Օրըստօրէ փոփոխութիւններով եւ նորութիւններով լեցուն բոլոր ասպարէզներուն հետ քայլ պահելը դիւրին պիտի չըլլայ աշակերտի մը համար: Շատ յաճախ անոնք կ՛ունենան բազմաթիւ հարցումներ, որոնք կ՛ենթադրեն մասնագէտի, կամ փորձառուի մը պատասխանը: Ուստի, Զաւարեան...

Դպրեվանքի Սաներուն Մասնակցութեամբ Հսկումի Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Դպրեվանքի Սաներուն Մասնակցութեամբ Հսկումի Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ուրբաթ, 24 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն: Խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութեան երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հսկումի արարողութեան հաւատացեալ հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան: Եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան նկատել տուաւ, որ եկեղեցին աւելի պայծառացած է  դպրեվանքի տեսչութեան եւ սաներու ներկայութեամբ, հաստատելով,...

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին  Սրբազան Աջին Օրհնութիւնը Բաշխուեցաւ  Հաւատացեալ Ժողովուրդին

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Սրբազան Աջին Օրհնութիւնը Բաշխուեցաւ Հաւատացեալ Ժողովուրդին

Քառասնօրեայ պահեցողութեան օղակներէն` Գալստեան կիրակիին կը վերաբացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի Ս. խորանի վարագոյրը` նշելով հայրապետարանի Ուխտի օրը: Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ շրջապատուած դպրեվանքի սաներով, Կիլիկեան ուխտի միաբանութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից...

Պատուաստներու Անհրաժեշտութիւնը

Պատուաստներու Անհրաժեշտութիւնը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպած մարտ ամսուան դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 մարտ 2023-ին, «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսութեան նիւթն էր` «Պատուաստներու անհրաժեշտութիւնը մարդկային մարմինին համար»: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամներէն Լիւսի Բէնէնեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատմութեան մէջ եւ դարերու ընթացքին մարդկութիւնը տառապած է հիւանդութիւններէ,...

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան  Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցան «Աուտէ» դրամատան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի տնօրէն Քրիստ Լիպարեանի հետ: Իբրեւ ապագայ լրագրողներ, որոնք հետաքրքրուած են երկիրը յուզող ներկայ պայմաններով եւ համեմատաբար արդի նկատուող «Քրիփթօ քարընսի» կոչուած նոր աշխարհով, անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով լսեցին...

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Ազդակ»-ի 57-րդ Լսարան «Ազդակ»-ի 57-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 23 մարտ 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսն էր Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար եւ Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, նիւթ` Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները: Դասախօսը ներկայացուց կանանց խորան բարձրանալու եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցելու հարցը` հաստատելով, որ անիկա սերտօրէն առնչուած...

Page 91 of 365 1 … 90 91 92 … 365

Արխիւներ