Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշակերտական Ունկնդրութիւններ` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոնին Մէջ

April 20, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ ամիսէն սկսեալ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ ընթացք առաւ աշակերտական ունկնդրութիւնը, շաբաթական երկու անգամ դրութեամբ` երեքշաբթի եւ հինգշաբթի, մասնակցութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներուն: Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 27 ապրիլին: Այս ծրագիրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Ազդակ» զրոյց ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի հետ:

Հարպոյեան ըսաւ, որ աշակերտական ունկնդրութիւնը աւանդութիւն դարձած ծրագիր մըն է, որ տարիներէ ի վեր կը գործադրուի մանաւանդ առաջին 15 դասը ամբողջանալէ ետք, որովհետեւ իրենց տարեշրջանը 30 դաս է: Երբ առաջին 15 դասը կը հասնի իր աւարտին, աշակերտները կ՛անցընեն իրենց քննութիւնները, ապա կը սկսին այս ունկնդրութիւնները: Իւրաքանչիւր ունկնդրութեան երկու կամ առաւելագոյնը երեք ուսուցիչի աշակերտներ կը մասնակցին, եւ երկու կեդրոններու ուսուցիչներու աշակերտները «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ ելոյթ կու տան, որովհետեւ բեմի նման է եւ ձեռնարկի մթնոլորտ կը ստեղծէ:

Ան բացատրեց, թէ իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր աշակերտները կը պատրաստէ այս ունկնդրութեան եւ կը ճշդէ երաժշտական կտորը, նաեւ այն, թէ քանի կտորով հանդէս պիտի գայ իւրաքանչիւր աշակերտ, աւելցնելով, որ կը քաջալերուի հայկական կտորներ նուագել: Ան յայտնեց, որ երբեմն 5-րդ, 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներ մէկէ աւելի կտորներ կը նուագեն` նոյնիսկ ընկերակցութեամբ ուսուցիչներու կամ այլ աշակերտներու: Ունկնդրութեան կը մասնակցին նոյնիսկ սկսնակ աշակերտներ, որոնք ատակ են նուագելու, որովհետեւ ամէն սկսնակ աշակերտ պատրաստակամութիւն չ՛ունենար բեմ ելլելու եւ նուագելու:

Հարպոյեան նկատել տուաւ, որ անցեալ տարի այս ծրագիրը շատ աւելի հարստացաւ, երբ տնօրէնութիւնը եւ խնամակալութիւնը որոշում տուին, որ բացառութիւն պիտի չըլլայ, եւ բոլոր աշակերտները պիտի մասնակցին, մինչ նախապէս կը մասնակցէին միայն փափաքողները: Ան բացատրեց, որ այս ունկնդրութիւնը հիմնական երկու նպատակ ունի. նախ տեսնել աշակերտներուն աշխատանքը, որովհետեւ ծնողները կ՛ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ կը սորվի իրենց զաւակը, եւ ի՛նչ տեսակ աշխատանքի արդիւնք է մեր ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը, իսկ ուսուցիչները իրենց կարգին կ՛ուզեն գիտնալ, թէ իրենց տուած աշխատանքը տան մէջ որքանո՛վ կը կիրարկուի: Հարպոյեան ըսաւ, որ մենք կը հաւատանք ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք-տնօրէնութիւն գործակցութեան, որ կը նպաստէ աշխատանքի յաջողութեան: Երկրորդ նպատակն է աշակերտները պատրաստել բեմի հասկացողութեան, ժողովուրդի ներկայութեան բեմ բարձրանալու եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելու, մանաւանդ որ 5-րդ դասարանէն վեր առաջարկներ կը ստանան քոյր միութիւններէ եւ վարժարաններէ, որպէսզի աշակերտները մասնակցին որոշ ձեռնարկներու:

Ան նկատել տուաւ, որ այս տարի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեանի նպատակն էր, որ 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտները տարուան ընթացքին ունենան յաւելեալ դասեր, որպէսզի արուեստագէտի նման բեմ ելլեն, անգիր նուագեն, յաւելեալ պատասխանատուութիւն ունենան եւ այս ձեւով իրարու ալ վարժուին, որովհետեւ աշակերտները շատ յաճախ իրարու հետ կապ չեն ունենար, որովհետեւ դասերը անհատական են, բայց այս ունկնդրութեան պատրաստութիւնը կը նպաստէ ընկերութեան ստեղծման, եւ երբ աշակերտներ իրարու հետ կը նուագեն, ընկերային մթնոլորտը առողջ կ՛ըլլայ Համազգայինի մէջ:

Զրոյցի աւարտին Հարպոյեան շնորհակալական խօսք ուղղեց երաժշտանոցի ուսուցիչներուն, որոնք յատուկ աշխատանք կը տանին այս ունկնդրութիւններուն ներկայացող աշակերտներուն հետ, նաեւ ծնողներուն` իրենց ներկայութեան եւ գործակցութեան համար:

 

 

Նախորդը

Աշակերտական Գեղարուեստական Երեկոյ` «Մենք Ենք Մեր Արցախի Գարունը»

Յաջորդը

Պարսելոնա Կը Փորձէ Զօրացնել Իր Աղջկանց Ֆութպոլի Խումբը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.