Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վա՛յ Անոր, Որ Դժուարութեան Պահերուն Չի Լսեր Տիրոջ Խաղաղեցնող, Յուսադրող Ու Ոգեւորող Ձայնը». Շահէ Արք. Փանոսեան

April 12, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, որ այսօր մեր եկեղեցին մեզ կը համախմբէ իր ծոցին մէջ, որպէսզի Յարութեան աւետիսը մեզի յայտնելով մեզ սփոփէ, յուսադրէ, մեր հաւատքը զօրացնէ եւ պայծառութիւն բերէ մեր կեանքին:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Ղուկասու Աւետարանի 24-րդ գլուխին մէջ գրուած խօսքին, թէ յարութենէն ետք, երբ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս անակնկալօրէն Երուսաղէմի մէջ առաքեալներուն յայտնուեցաւ, անոնք կարծելով, որ ոգի մը կը տեսնեն, սարսափով լեցուեցան: Սակայն Յիսուս անոնց մէջտեղը կանգնելով ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի, ես եմ. մի՛ վախնաք… Նայեցէ՛ք ձեռքերուս եւ ոտքերուս. նոյնինքն ե՛ս եմ»: Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Յարուցեալէն եկող խաղաղութեան այդ պատգամը այսօր կը բարձրանայ նաեւ մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի առաքեալներուն օրինակով մենք ալ հանգստացնենք մեր սրտերը: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ եւ հայկական առումով, այսօր բոլորիս հոգիներուն հորիզոնը ամպամած է, եւ մեր կեանքին գոյները այնքան ալ պայծառ չեն, սակայն քրիստոնեան, ամէն անգամ որ նեղութեան եւ տագնապի մէջ  գտնուի, պէտք է յիշէ իր Տէրը եւ անոր պարգեւած խաղաղութեան պատգամով խրախուսուած, աներկիւղ շարունակէ իր կեանքը: Առաջնորդ սրբազանը ներկաները խաղաղութիւն եւ ճշմարտութիւն փնտռող առողջ աչքերով նայելու Յարուցեալին, որպէսզի աշխարհի տեսակաւոր տագնապներուն ու հարցերուն դիմաց, երկնային փրկաւէտ շնորհք ընդունին իրենց կեանքին համար:

«Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը աշխարհի տագնապներուն յաղթելու կրօնն է:  Վա՛յ անոր, որ դժուարութեան պահերուն չի նշմարեր Աստուծմէ եկող յոյսի ծիածանը եւ չի լսեր Տիրոջ խաղաղեցնող, յուսադրող ու ոգեւորող ձայնը», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` շեշտելով, որ քրիստոնեան պէտք է յիշէ, թէ Աստուծոյ զօրութեամբ, նոյնիսկ գերեզմանին քարը կրնայ գլորիլ ու մեռելը կրնայ յարութիւն առնել:

Եզրափակելով իր պատգամը` առաջնորդ սրբազան հայրը կոչ ուղղեց բոլորին Զատկուան տօնին առիթով, պահ մը անջատուելու աշխարհի հարցերէն եւ խնդիրներէն ու հաւատքով դիտելու ամէն բան, որպէսզի մեր նայուածքը լոյս բերէ մեր հոգեկան ապրումներուն:

Զատկական պատարագէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին եւ Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ ու թաղապետներ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, խորհուրդներու ու յանձնախումբերու անդամներ, լիբանանահայ վարժարաններու, կառոյցներու ու հաստատութիւններու տնօրէններ եւ պաշտօնեաներ, թաղական խորհուրդներու, տիկնանց յանձնախումբերու ու դպրաց դասերու անդամներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ:

Յայտնենք, որ շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին նաեւ Ամալ Շարժումի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Մահմուտ Խաուաժայի, Հըզպալլայի Պէյրութի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Էմին Շըրրիի եւ Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Հասան Զալղութի:

Նախորդը

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Եկեղեցիներուն Մէջ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Յստակացան Փլէյ Օֆի Եւ Փլէյ Ինի Մրցումներուն Մասնակցող Բոլոր Խումբերը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.