Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարան. Ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն

Ապրիլ 20, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ: Աշակերտները ներկայացած էին Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով եւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը նշող պաստառներ: Ներկայ էին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ պատասխանատու հոգեւոր հայրերը ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Թօփալեանի գլխաւորութեամբ:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Մեսրոպեանի աւարտական դասարանի աշակերտ  Զաւէն Տէր Ղուկասեան: Ան արտայայտեց հայ ազգին արդար ցասումը ի տես Ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալուն, դատապարտումը` ցեղասպանին եւ ամենակարեւորը` կամքն ու վճիռը միշտ յիշելու նահատակները, հաւատարիմ մնալու անոնց սուրբ կտակին եւ տէր կանգնելու անժամանցելի  բոլոր իրաւունքներուն:

Գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան Քրիսթոֆրր Մարտիրոսեան (5-րդ դասարան, նուագ երգեհոնի վրայ), Յակոբ Թերզեան, Ալէքս Լեւոնեան, Ժան-Փիէռ Վարդանեան, Նայիրի Առնէլեան, Սէրլի Մուղալեան,  Մարիա- Ճեսիքա Խաշոլեան (երգ եւ նուագ՝  «Աղբերս ու Ես», “Տուն իմ հայրենի”), Մէրի Էքմէքճեան (9-րդ դասարան, արտասանութիւն՝ «Ափ մը մոխիր») եւ Նայիրի Առնէլեան (7-րդ դասարան, նուագ՝ տուտուկ):

Ոգեկոչման ձեռնարկի մասնակիցներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց միշտ վառ պահելու պահանջատիրութեան ջահը մինչեւ արդարութեան ամբողջական վերահաստատումը, հայ ժողովուրդի կրած վնասներուն արդար հատուցումը եւ մեր անկատար մնացած բոլոր տենչերուն իրականացումը: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը վերապրելով պատասխան տուաւ Թուրքիոյ ոճիրին եւ պիտի շարունակէ ապրիլ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն, շնորհիւ իր միասնականութեան՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերը:

Ապա խօսք առաւ Սուրբ Փրկիչի փոխ-ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան, որ  յորդորեց հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ առօրեայ կեանքին մէջ ապրեցնել հայ ազգային եւ քրիստոնէական արժէքները՝ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, հայ ընտանիքը եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հաւատքը: Հայր Սահակ հուսկ արտասանեց “Պահպանիչ”ը եւ կատարեց վարդերու օրհնութիւն. աշակերտներ եւ ուսուցիչներ իրենց հետ դպրոց բերած ծաղիկները զետեղեցին Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին նմանակին առջեւ, առ ի յարգանք 1.5 միլիոն մեր նահատակներուն: Աւելի ուշ, նման այց կատարեցին նաեւ մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի փոքրիկները:

https://www.mesrobian.com/Posting

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը «Գանձասար» Այցելեց

Յաջորդը

Երկու Կեանք, Երկու Վկայութիւն, Մէկ Ինքնութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?