Շաբաթ, 22 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան Լէյլաւան-Ֆանարի մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի նուիրուած պահանջատիրական ձեռնարկ:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ժողովրդային ջահերթով, որուն մասնակիցները Լէյլաւանի Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին եւ յոտնկայս յարգեցին մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արշալոյս Էլէյճեան, որ ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը խթան է իւրաքանչիւր գիտակից հայու, որ աւելիով կառչած մնայ նահատակներու կտակին եւ թիավարէ հոսանքն ի վեր` հասնելու ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացման»:
ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամ Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Արմէն Աւետիսեանի բանաստեղծութիւններէն կտորներ:
Օրուան պատգամախօսն էր Ծովիկ Գալէմքերեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան նման արարքի դիմաց աշխարհին պահած լռութեան` շեշտելով, որ այս ոճիրներուն դէմ կանգնիլը համայն մարդկութեան պարտաւորութիւնն է: Ուստի ամբողջ աշխարհը պէտք է դատապարտէ Պաքուի ու Անգարայի արարքները եւ անոնցմէ պահանջէ վերջ տալ իրենց յանցագործութիւններուն: Եւ քանի դեռ մարդկութեան դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնները անհրաժեշտ գնահատականի չեն արժանացած, իսկ որճրագործները չեն պատժուած, աշխարհը դարձեալ թատերաբեմ պիտի դառնայ նման ջարդերու եւ սպանդներու:
Ապա բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ վերջին տարիներուն եւ այսօր Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան կեանքին մէջ արձանագրուած զարգացումները, թուրքին հետ հաշտութիւն կնքելու գործընթացը, շրջափակման մէջ պահուող Արցախի վիճակը եւ ըսաւ. «Նահատակներու արիւնը կրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար անընդունելի է որեւէ քայլ, որ կրնայ վտանգել մեր պահանջատիրութեան պատմական, իրաւական ու քաղաքական հիմքերը: Մենք բոլոր միջոցներով ուղղակի թոյլ պիտի չտանք, որ մսխուին մեր ազգի արժանապատուութիւնն ու ապագան, երկար տարիներու յանուն Հայ դատի եւ հայկական իրաւունքներու համար մղուած պայքարի ձեռքբերումներն ու նուաճումները: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը, եկեղեցին եւ Հայ դատի մարմինները, կուսակցութիւնները եւ միութիւնները առաւել թափով շարունակեն հետապնդել մեր նուիրական Դատը: Սա համազգային պարտաւորութիւն է:
«Պէտք է ընդունիլ, որ Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը: Անորոշ է Արցախի անկախ գոյութիւնը: Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը: Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը: «Արդ, հարկ է ըլլալ արթուն ու մանաւանդ` միակամ, եւ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ, խոհեմութեամբ ու հեռատեսութեամբ դիմագրաւել մեր ազգին ու հայրենիքին ապագան վտանգող մօտեցումներն ու քայլերը»:
Ծովիկ Գալէմքերեան իր խօսքի վերջին բաժինով շեշտեց, որ, հակառակ բազում դժուարութիւններու մէջ ապրելու իրողութեան` այսօր լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իրաւատէր է ու վճռակամութեամբ եւ պահանջատիրութեամբ կը հաստատէ, որ տակաւին տէրը կը մնայ իր սրբազան Դատին ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն կտակին եւ մինչեւ վերջին շունչ պիտի պայքարի մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր: Լիբանանահայութիւնը կը փաստէ, որ տակաւին կը մնայ գիտակից ազգային իր ինքնութեան, արժէքներուն եւ պարտականութեան, կառչած` հայութեան իրաւունքներուն, որոնցմէ որեւէ զիջում անընդունելի է իրեն համար:
Ապա Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցի աշակերտներ` Կարէն եւ Լալէ Չափարեաններ, ջութակի եւ սրինգի նուագարաններով, իսկ տհոլահարներու համոյթէն Յակոբ Թերզեան եւ Յակոբ Քոճայեան հանդէս եկան երաժշտական ելոյթով մը:
Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան ըսաւ. «Ապրիլ 24-ը ողբի եւ սուգի օր չէ, այդ էջը շատոնց փակած ենք: Անդրադառնալով Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն` ընկերը յայտնեց, որ Արցախի հարցը մնայուն օրակարգի վրայ է, որքան ալ Հայաստանի իշխանութիւնները փորձեն իրենց ձեռքերը լուալ Արցախէն:
«Արցախը կայ, պիտի մնայ ու պիտի զարգանայ հայօրէն, եւ Արցախը պիտի վերագտնէ Արցախի Հանրապետութեան իր սահմանները, որպէսզի ունենայ ամբողջական լինելիութեան բոլոր պայմանները»:
Աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ փունջ մը ազգային եւ յեղափոխական երգերով, ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: