Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւագ Շաբաթը Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Ապրիլ 12, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց ոտնլուայի կարգին` հետեւելով մեր Փրկիչին օրինակին: Ղենջակը մէջքին ծունկի գալով` կաթողիկոսը Քրիստոսի 12 առաքեալները խորհրդանշող միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն ոտքերը լուաց ` իբրեւ Քրիստոսի խոնարհութեան եւ ծառայական սիրոյ արտայայտութիւն:

Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ սիրոյ ծառայութեան, ընդգծեց քրիստոնէութեան հասկացողութեան մէջ սիրոյ առանցքային կարեւորութիւնը, որ ո՛չ թէ սովորական ու պարագայական երեւոյթ է, այլ` ուղղակի Աստուծոյ էութիւնը: Ան ըսաւ, որ Աստուած տիեզերքը ստեղծեց մղուած Իր սէրէն, ու թէեւ մարդը մեղանչեց եւ հեռացաւ Աստուծմէ, սակայն Ան Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց ու խաչելութեամբ ապացուցեց Իր անսահման ու անհատնում սէրը մարդուն հանդէպ: Հայրապետը նաեւ նշեց, որ հոն, ուր սէր չկայ, չարիք կը տիրէ: Այս աշխարհի բոլոր հարստութիւնները փուճ են` առանց Աստուծային սիրոյ, ըսաւ ան եւ յորդորեց հաւատացեալները հետեւելու Քրիստոսի ճանապարհին` սիրելու մեր անձը եւ սիրելու զիրար:

Անդրադառնալով ոտնլուայի արարողութեան` Արամ Ա. վերյիշեցուց, որ կարգ ոտնլուան ոչ թէ լոկ դէպքի մը յիշատակումն է, այլ Քրիստոսի սիրոյ պատգամը կենդանի պահելն է: «Այսօր մենք սիրոյ կարիքը ունինք ամէն տեղ` Հայաստան, Արցախ եւ ամէնուրեք. պէտք է մեր կեանքը ճշմարիտ սիրոյ կրակով թրծուի ու շաղախուի, որպէսզի սէրը տիրապետէ մեր կեանքին մէջ, ու հեռանայ ամէն չարիք», յայտնեց ան:

Աւարտին կաթողիկոսը ընդգծեց, որ այսօր Քրիստոս Ի՛նքը Իր եկեղեցւոյ ճամբով դարձեալ կը յիշեցնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին` սիրեցէք զիրար այնպէս, ինչպէս Ինք սիրեց մեզ. «Հեռո՛ւ մնացէք ամէն տեսակ չարէ ու չարիք յառաջացնող խօսքերէ, կեցուածքներէ, գործելակերպերէ, կենցաղակերպերէ: Սիրեցէ՛ք զիրար, որպէսզի Քրիստոս մեր կեանքին մէջ ապրի, եւ մենք Քրիստոսի ներկայութեամբ հզօրանանք ու մեր կեանքը պայծառակերպուի», եզրափակեց Արամ Ա.:

Նշենք, որ նոյն օրը երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ խաւարման գիշերի արարողութիւնը, որուն հոգեւոր պատգամը յղեց դպրեվանքի հսկիչներէն Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան:

Աւագ ուրբաթ օրուան յատուկ շարականներու, սաղմոսներու եւ աղօթքներու կատարումներու ներքոյ յիշատակուեցաւ մեր Փրկչին թաղման կարգը, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, 7 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը հաւատացեալներուն յղեց իր հայրապետական պատգամը` նշելով, որ Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ` խօսելով Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման մասին` կ՛ըսէ, որ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ, որպէսզի Իրմով մենք կենդանի ըլլանք. այլ խօսքով, Քրիստոս խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ մեզի համար, որպէսզի Իր մահով մենք կեանք ունենանք: «Առաքեալին այս պարզ բառերուն մէջ ամփոփուած է այսօրուան արարողութեան խորհուրդը», յայտնեց հայրապետը: Աստուծոյ Որդին մեկնելով Աստուածային սէրէն` ոչ միայն աշխարհ եկաւ մեր մէջ ըլլալու, այլ նաեւ` մեզի համար Իր արիւնը թափելու. ուստի, Քրիստոսի երկրային կեանքը ինքնանպատակ չէ, այլ կեդրոնացած է մէկ նպատակի շուրջ` մարդու փրկութեան, ընդգծեց կաթողիկոսը:

Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. ըսաւ, որ մեր եկեղեցւոյ ծէսը կարեւորութեամբ կը շեշտէ Քրիստոսի` Իր մահուամբ մահուան յաղթելու ճշմարտացիութիւնը: Հետեւաբար Քրիստոսի գերեզմանը սովորական հասկացողութեամբ գերեզման չէ: Մենք այս գերեզմանին կը մօտենանք իբրեւ կեանքի աղբիւր: Հայրապետը նշեց, որ մեր ժողովուրդը գեղեցիկ աւանդութիւն մը ունի, որ Քրիստոսի գերեզմանին տակէն անցնելէ կամ շուրջը դառնալէ ետք ծաղիկ մը առնելով անոր վրայէն` իրեն հետ տուն տանիլն է: Այս խորունկ իմաստ ու խորհուրդ բովանդակող աւանդութիւն է. հետեւաբար քիչ ետք, երբ մեր կեանքը վերանորոգելու համար մօտենանք Քրիստոսի գերեզմանին, Իր մահով կեանք առնենք ու մեր կեանքը վերանորոգենք, ըսաւ հայրապետը ու յորոդորեց, որ մեր առօրեայ կեանքի մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն դէմ այս գիտակցութեամբ ու հաւատքով մօտենանք:

Հոգեպարար արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Խաչի Քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» հոգեթով շարականի երգեցողութեամբ եւ հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով:

Կարեւորութեամբ նշենք, որ արարողութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը ներկայ հաւատացեալ հայորդիները օրհնեց Քրիստոսի խաչափայտին սրբազան մասունքով, որ ամէն տարի թաղման կարգի արարողութեան դուրս կը բերուի «Կիլիկիա» թանգարանէն:

Շաբաթ, 8 ապրիլ 2023-ին, ճրագալոյցի օրը, նախագահութեամբ Արամ Ա. հայրապետին, Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` ձեռամբ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանին:

Յաւարտ ս. պատարագին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան ս. խորանէն իջեցուց յարութեան լոյսը ու փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հայրապետ, միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ ներկայ հաւատացեալ հայորդիներ միաբերան երգեցին Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը աւետող «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ» հոգեթով շարականը: Ապա հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր կատարուեցաւ զատկական տնօրհնէքի արարողութիւնը:

Հայ եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամները Ս. Յարութեան շարականներ նուագեցին` ստեղծելով առաւել տօնական մթնոլորտ:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը ժողովուրդին փոխանցեց Քրիստոսի յարութեան աւետիսը` ըսելով.

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»:

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» Փինկ-Փոնկի Սրահի Բացում

Յաջորդը

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Եկեղեցիներուն Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?