Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՋԱՀ. «Արցախի Կոթողներ» Շրջուն Ցուցահանդէսը Կը Շարունակէ Շրջիլ Լիբանանահայ Տարբեր Վարժարաններ

Ապրիլ 6, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու մէջ տեղի կ՛ունենայ արցախեան ձեռնարկ, որուն ընթացքին կը ներկայացուի «Արցախի կոթողներ» շրջուն ցուցահանդէսը, կը կատարուի Արցախի ներկայ շրջափակումին մասին զեկոյց, եւ տեսերիզ մը կը ցուցադրուի Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան մասին, որ կը ներկայացնէ «Արցախ մոնումընթց» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Հայրապետեանը:

Հինգշաբթի, 23 փետրուարին Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի կոթողներ» շրջուն ցուցահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները:

Նախքան նկարները դիտելը` աշակերտները առիթը ունեցան լսելու Արցախի ներկայ շրջափակումին մասին, որուն մասին զեկուցեց «Ազդակ» օրաթերթի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզը:

Ուրբաթ, 24 փետրուարին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՋԱՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկը: ՋԱՀ յանձնախումբի անդամ եւ Համազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան աշակերտներուն ներկայացուց Արցախի ներկայ կացութիւնը, արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անոնց ամուր կամքը: Յաջորդ օրերուն աշակերտները առիթ ունեցան դիտելու շրջուն ցուցահանդէսին նկարները:

27 փետրուարէն 3 մարտ շաբթուան ընթացքին շրջուն ցուցահանդէսը տեղ ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ, որուն ընթացքին աշակերտները դասարան առ դասարան դիտեցին նկարները, ծանօթացան պատմամշակութային ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ ստացան Արցախի ներկայ կացութեան մասին:

Երկուշաբթի, 13 մարտին Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան նկարները զարդարած էին Ազգային Միացեալ վարժարանի սրահը: Առաջին հերթին Արցախի պատմական ակնարկ մը կատարեց եւ ներկայ կացութեան մասին զեկուցեց «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահրամ Էմմիեան: Աշակերտները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին օրուան բանախօսին: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզը:

Հինգշաբթի, 23 մարտին Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի երկրորդական եւ BT դասարաններու աշակերտները առիթ ունեցան լսելու «Ազդակ» օրաթերթի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեանին զեկոյցը, որ մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Արցախի ներկայ կացութեան մասին` ներկայացնելով արցախցիին ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը, ինչպէս նաեւ աշակերտները յորդորեց մասնակից դառնալ պայքարին: Զեկոյցի աւարտին աշակերտները առիթը ունեցան դիտելու անցքին մէջ տեղադրուած նկարները եւ բացատրութիւններ ստանալ Ա. Պալեանէն:

Ուրբաթ, 24 մարտին «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական հաւաքը: Օրուան զեկուցաբերն էր «Ազդակ» օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի ատենապետ Վահրամ Էմմիեան, որ սկիզբը կատարեց Արցախի մասին պատմական ակնարկ մը, ապա անդրադարձաւ արցախեան պահանջատիրութեան պայքարին, յատկապէս` 44-օրեայ պատերազմին ու անոր հետեւանքներուն եւ Արցախի մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակին ու ներկայիս ազրպէյճանական շրջափակումին, մասնաւորաբար մատնանշելով արցախահայութեան շրջափակման պայմաններու մէջ ապրած բազմազան, բազմապիսի դժուարութիւնները: Զեկոյցի աւարտին աշակերտները հետաքրքրական հարցումներ ուղղեցին օրուան զեկուցաբերին:

Զեկոյցէն ետք աշակերտները դիտեցին սրահին մուտքին զետեղուած Արցախի հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան նկարները:

Նախորդը

Աւագ Շաբաթ

Յաջորդը

Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Ըմբիշներուն Արտօնուեցաւ Մասնակցիլ Միջազգային Մրցումներու

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 13, 2025
Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Անթիլիաս
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?