Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աշակերտներու Ոտնլուայ

April 12, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Remove featured image

Չորեքշաբթի, 5 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն` «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտներուն համար, ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Սրբազան հայրը այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ երբ Քրիստոս Վերջին ընթրիքի պահուն բոլորովին անակնկալօրէն ոտքի ելաւ եւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց` իր այս իւրայատուկ արարքը եզրակացուց պարզ ըսելով առաքեալներուն. «Դուք գիտէ՞ք, թէ ես այսօր ի՛նչ ըրի ձեզի»: Վստահաբար արդէն իսկ ցնցում ապրող առաքեալներու այդ շրջանակին մէջ այդ պահուն գիտակցութիւն չկար, թէ ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս իրենց Վարդապետը` փոխանակ պատիւներ ընդունելու եւ յարգանք վայելելու աշակերտներուն կողմէ, ինք ծունկի կու գար եւ իր աշակերտներուն ոտքերը կը լուար:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր այդ հարցումը մեր եկեղեցին մեզի կ՛ուղղէ ոտնլուայի այս իւրայատուկ արարողութեան ընթացքին. արդեօք մենք գիտե՞նք, թէ մեր Տէրը ի՛նչ ըրաւ մեզի համար: Ան երկինքէն երկիր խոնարհելով` մարդկային ընկերութեան կարիքներուն ծառայեց, նաեւ ոտնլուայի արարքով իր աշակերտներուն ուզեց օրինակ մը տալ, որպէսզի անոնք ըմբռնեն, թէ քրիստոնեաներուն մեծութեան տանող ճամբան կը սկսի ծառայութեամբ, համեստ գործերով, ընկերութեան մէջ գտնուող կարիքները հոգալով եւ կարիքաւորները բարձրացնելով: Այդ օրինակն էր, որ մեր Տէրը փորձեց կենդանի օրինակով փոխանցել իր աշակերտներուն, որպէսզի առաքեալներն ալ իրենց աշխատանքով աշխարհին մէջ իր եկեղեցին գոյաւորեն, այսինքն ի մի հաւաքեն այն հաւաքականութիւնը, որ կը կազմէ նոյնինքն եկեղեցին, որուն մէջ կան տեսակաւոր կարիքներ եւ անակնկալներ, այլ սակայն` իրարմով, իրարու աջակից եւ զօրակից, Աստուծոյ օգնականութեամբ անոնց կեանքը ուղղուած կը մնայ դէպի յաւիտենականութիւն: Սրբազանը բացատրեց, թէ այդ պատգամն է, որ այսօր նաեւ մեր եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ եւ մեզ կը խրատէ, որպէսզի անդրադառնանք, թէ աշխարհի մեծութիւնները անցաւոր են, անցաւոր է նոյնինքն աշխարհը, եւ ոչինչ կայուն կայ մեր ապրած աշխարհին մէջ, բայց Աստուծոյ կամքը կը մնայ անխախտ եւ անսասան եւ Աստուծոյ կամքն է, որ մենք երկրաւոր մեր գոյութեան ընթացքին զիրար սիրենք, զիրար պաշտպանենք, իրարու աջակից ըլլանք, որպէսզի իրեր օգնութեամբ նաեւ հասնինք Աստուծոյ խոստացած երկնային անմահ պարգեւներուն:

Առաջնորդը աղօթեց, որ այս սրբազան արարողութիւնը հաւասարապէս մեր ուշադրութիւնը ուղղէ դէպի մեր ընկերութիւնը, որուն կեանքին մէջ կարիքները մեծ են, բայց նաեւ` դէպի Աստուած, որպէսզի անդրադառնանք, թէ այդ ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող կարիքները մեզմով դարման կը գտնեն, կը վերանան եւ մեզմով է, որ  քրիստոնէական ճշմարիտ համայնքը կը գոյաւորուի, եւ մեր ճիգերը Աստուծոյ մօտ կ՛արժանանան ուշադրութեան, նաեւ` իր հայրական օրհնութեան եւ շնորհներուն:

Արարողութիւնը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

 

Նախորդը

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Այցելութիւնը «Զուարթնոց» Կեդրոն

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» Փինկ-Փոնկի Սրահի Բացում

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.