Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանքը Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանին Մէջ

May 20, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազունիէի բուժարանի նորակազմ խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը, անցնող շաբաթներուն վերակազմաւորման եւ ծանօթացման աշխատանքները կատարելէ ետք, արդէն սկսած է 100-ամեակի նախապատրաստական գործունէութեան:

Ազունիէի մատրան, շէնքերու, այգիներու, ջուրի, ուտեստեղէնի մատակարարման եւ պաշտօնէութեան ընդհանուր արժեւորումները արդէն կը կատարուին:

Իւրաքանչիւր պատսպարեալի առողջական յատուկ տախտակի պատրաստութիւնները կատարուեցան, եւ բժշկական խորհուրդ մը նշանակուեցաւ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամսական դրութեամբ գետնի վրայ հսկողութիւն եւ դասաւորումներ ընել:

Միւս կողմէ` աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի Ազունիէի պատսպարեալներուն այցելութիւններ կատարուին: Յառաջացաւ օժանդակ կիներու մարմին մը, որ արդէն ծրագրաւումի մէջ է` սնունդի, քարոզչական, առողջապահական եւ այլ մարզերուն մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերելու միտումով:

Նշանակուեցաւ սննդագէտ մը` ուտելիքներու քանակն ու որակը ճշդելու, ինչպէս նաեւ առողջ սնունդի համակարգ մը ստեղծելու նպատակով:

Նշանակուեցաւ ֆիզիոթերափի կատարող մը, որ իւրաքանչիւր պատսպարեալի յատուկ ցուցմունք պիտի տայ մարզանքի, քալելու եւ այլ շարժուձեւերու վերաբերող, որպէսզի աւելի կայտառ ու առողջ մնան:

Այս բոլորին զուգահեռ, բուժարանի բնակիչները ունեցան նաեւ հետեւեալ այցելութիւնները:

15 ապրիլ 2023-ին Ազունիէի Հայ ազգային բուժարան այցելեցին Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ ՀԵՀՈՄ-ի վարչութիւնները եւ խանդավառ ժամանց ունեցան պատսպարեալներուն հետ, կատարեցին հաւկթախաղ` նկատի ունենալով, որ Ս. Զատկուան տօնին առթիւ էր այցելութիւնը: Նաեւ բուժարանի մատուռին մէջ տեղի ունեցաւ Տէրունական աղօթք` Զաւէն վրդ. Նաճարեանի կողմէ:

Կիրակի, 16 ապրիլ 2023-ին խումբ մը «Հայ ռայտըր»-ներ այցելեցին բուժարան եւ խոստացան մօտիկ ապագային լրիւ կազմով այցելել պատսպարեալներուն:

Ուրբաթ, 23 ապրիլ 2023-ին Ս. Յարութեան հանդիսաւոր ս. պատարագ տեղի ունեցաւ բուժարանի մատուռին մէջ` ներկայութեամբ Խալիլ Պատաուիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի եւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեանի: Երգեցողութիւնը կատարեց Խալիլ Պատաուիի եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Ապա պատսպարեալները հաղորդուեցան եւ սրտի ամենայն գոհունակութեամբ բարձրացան իրենց սենեակները` սպասելով յաջորդ այցելութեան:

Վստահ ենք, որ նման այցելութիւններ կը սփոփեն եւ հոգեկան գոհունակութիւն կու տան թէ՛ այցելուներուն եւ թէ՛ բուժարանի պատսպարեալներուն:

Ազունիէի բուժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը լծուած է այս կառոյցը բոլոր պատսպարեալներուն համար հարազատ ու հանգստաւէտ վայր մը դարձնելու աշխատանքին: Բայց եւ այնպէս մեր ժողովուրդին բարոյական ու նիւթական նեցուկը կարեւոր է մեր ծրագիրներու իրականացման համար:

Ուստի կը դիմենք մեր սիրելի ժողովուրդին, որ իր առօրեայ կեանքին մէջ չմոռնայ Ազունիէի պատսպարեալները, մանաւանդ որ ձեր կողմէ միայն ժպիտ մը ուրախ ու գոհունակ կը պահէ բուժարանին մէջ ապրող մը եւ սիրով կը լեցնէ անոր սիրտը:

Յիշենք, որ ընկերային ցանցերու վրայ արդէն իսկ կը գործէ Ազունիէի Դիմատետրի էջը, ուր այցելելով` կրնաք հետեւիլ տարուած գործունէութեան եւ իրազեկ ըլլալ նորութիւններուն:

Վա՛րձքը կատար բոլորին:

ՄԻ ՄՈՌՆԱՔ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ԲՈՒԺԱՐԱՆԸ

ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Միջազգային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը

Յաջորդը

Նշմար. Յուսադրող Երեւոյթի Մը Առիթով

RelatedPosts

վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  լիբանանի շրջանային նորընտիր վարչութիւնը
Գաղութային

վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՄԸՄ-ի լիբանանի շրջանային նորընտիր վարչութիւնը

February 25, 2026
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ
Գաղութային

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

February 25, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.